Հայկական հացը` լաւաշը, 100 տարի անց կրկին սկսած է թխուիլ Տիարպեքիրի մէջ: Տիարպեքիրցի հայերէն Էրհան Եամանը հացի փուռ բացած է` հայկական լաւաշը վերստին Տիարպեքիրի մէջ տարածելու նպատակով: Այդ մասին, ըստ «Akunq.net»-ի, կը հաղորդէ «Ռուտաու» քրտական կայքէջի թրքալեզու տարբերակը:
Աղբիւրին փոխանցմամբ` մինչ այժմ շինարարութեան ոլորտին մէջ աշխատած Եամանը, Հայաստան այցելելէ ետք որոշած է փուռ բանալ Տիարպեքիրի մէջ` այստեղ հայկական լաւաշի աւանդոյթը վերականգնելու համար:
Ան նշած է. «Լաւաշը 100 տարի առաջ տարածուած եղած է այստեղ: Երբ հայերը հեռացած են Տիարպեքիրէն (Ցեղասպանութեան հետեւանքով-Ակունքի խմբ.), այդ մշակոյթն ալ իրենց հետ տարած են: Ես որոշեցի լաւաշը դարձեալ տարածել Տիարպեքիրի մէջ: Եւ փա՜ռք Աստուծոյ, նորէն փուռ բացի այստեղ»:
Եամանը, շեշտելով, որ լաւաշ հացատեսակը հայերուն կը պատկանի, նաեւ յայտնած է. «Ներկայիս Թուրքիոյ տարբեր շրջաններու մէջ, օրինակ` Ուրֆայի եւ Աղրըի (Արարատի շրջան) մէջ ալ լաւաշ մը թխեն, սակայն հայկական լաւաշը, համով եւ աւելի բարակ ըլլալով, քիչ մը տարբեր է ատոնցմէ»:
Ան հացի փուռը կ’աշխատեցնէ Հայաստանէն բերուած հացթուխներու միջոցով: Անոնցմէ մէկը` Ասեան, «Ռուտաու»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է. «Այս հացը շատ համեղ է, ստամոքսի համար՝ թեթեւ»:
Տիարպեքիրի մէջ գործող սոյն հացի փուռին մէջ օրական 600 լաւաշ կը թխուի: Եաման կը նախատեսէ 2 տարուան մէջ օրական թխուող լաւաշներուն թիւը հասցնել 2 հազարի: