Հայաստանի Հանրապետութեան Նորընտիր նախագահ Պրն. Արմէն Սարգսեանի երդմնառութեան պաշտօնական հանդիսութեան յատուկ հրաւէրով մը ներկայ գտնուելու համար Երեւան իր կեցութեան ընթացքին Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինի ատենապետ՝ ընկեր Յակոբ Գասարճեան մտերմիկ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Հայաստանի «Երեւան Կեդրոն» Հիմնադրամի նախագահ, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան գանձապահ ընկեր Վարդան Ուզունեանի հետ: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ օրերս ինքն ալ Երեւան գտնուող ընկեր Սեւակ Յակոբեան:
Հանդիպումը առիթ մըն էր միասնաբար քննարկելու ԹՄՄ յուզող հարցեր: Հանդիպման ընթացքին ընկ. Գասարճեան պաշտօնապէս դիմեց ընկ. Ուզունեանի յառաջիկայ 9 – 11 Մայիս 2018-ին համար նախատեսուած աշխարհասփիւռ ԹՄՄ-ի Երեւանի մէջ գոյանալիք համաժողովին համար Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնը տրամադրելու, որպէս ժողովավայր, որուն ընկ. Ուզունեան սիրով ընդառաջեց:
Հանդիպման աւարտին հանդիպողները որոշեցին կրկնապատկել նման հանդիպումներու առիթները՝ յօգուտ մեր սիրելի միութեան բարօրութեան: