Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Արցախը՝ Շինարարութեան Մեծ Հարթակ

Բարենպաստ եղանակներուն հետ Արցախի մէջ թափ կ’առնէ շինարարական եռուզեռը: Տարիներու հետ շինարարներու նկատմամբ պահանջները կը խստացուին, իսկ հսկողութեան ազդակները կ’աւելնան: Շատ անգամ Արցախի նախագահը ինք անձամբ կը շրջի շինարարական հրապարակները, կը տեղեկանայ խնդիրներուն մասին, յանձնարարականները տեղին կու տայ: Ապրիլ 5-ին Բակօ Սահակեան պետական նախարարի եւ շարք մը ոլորտներու պատասխանատուներու ուղեկցութեամբ շրջած է Ստեփանակերտի եւ Շուշիի շինարարական հրապարակներով, ծանօթացած է աշխատանքներու ընթացքին:

Ստեփանակերտի համար 4 դպրոցի շէնքին մէջ յարմար պայմաններու տակ կը գործէ արհեստագործական ուսումնարանը: Տնօրէնը սաներու յաջողութեանց հետ միասին Բակօ Սահակեանին առկայ դժուարութիւնները ներկայացուցած է. շէնքային պայմաններու անբաւարարութիւնը, նիւթա-արհեստագիտակական պահեստի թերութիւնը: Այդ հնարաւորութիւնները հաւանական դիմորդներու համար գրաւիչ, իսկ ունեցած ուսանողներու համար ալ անբաւարար են: Բակօ Սահակեանի յանձնարարականով շէնքը պիտի վերանորոգուի ու վերազինուի: Եւ եթէ Շուշիի Եզնիկ Մոզեան ուսումնարանը հիմնականին մէջ արհեստաւորներ կը պատրաստէ եւ Մարտունի քաղաքին մէջ գործող ուսումնարանը՝ գիւղատնտեսութեան ոլորտի մասնագէտներ, ապա Ստեփանակերտի ուսումնարանը հիմնականը տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ սպասարկման ոլորտներու մասնագէտներ կը պատրաստէ: «Կը ծրագրուի ժամանակակից գոլէճ հիմնել, ուր կ’իրականացուի թէ՛ նախնական, թէ՛ միջին մասնագիտական կրթութիւն: Ասոր կողքին մենք կը նախատեսենք նաեւ երեկոյեան դասընթացքներ ունենալ բոլոր ցանկացողներուն համար»,- կը մանրամասնէ ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեանը:

Շինարարական աշխատանքները իրենց աւարտին կը մօտենան Ստեփանակերտի համար 9 դպրոցի մէջ, որ կը հիմնանորոգուի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ Արցախի կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ: 900 միլիոն դրամ արժողութեամբ շինարարական աշխատանքներու հիմնական մասը աւարտած է, վերանորոգուած մասը արդէն կ’օգտագործուի: Շէնքը կայունացուած է, համապատասխանեցուած է երկրաշարժային պահանջներուն: Շէնքի վերանորոգուած հատուածներուն մէջ արդէն դասեր տեղի կ’ունենան: Վերանորոգուած հանդիսութիւններու դահլիճն ու մարզադահլիճը աշակերտներու տնօրինութեան յանձնուած են: Դպրոցական շէնքը ամբողջութեամբ շահագործման կը յանձնուի մի քանի ամիսէն: «Այս տարի Սեպտեմբերին լրիւ շահագործման կը յանձնուի դպրոցը, իր շրջակայ բարեկարգուած տարածքներով: Եւ կարելի է ըսել, որ Ստեփանակերտի մէջ մնացած է միայն 10-րդ դպրոցը, մնացած դպրոցներուն մէջ հիմնական նորոգման աշխատանքները աւարտած են»,- կը նշէ քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը:

Շինարարական աշխոյժ հարթակի վերածուած է նաեւ Շուշին: Առաջին պայմանը այն է, որ նորակառոյցները բերդաքաղաքի պատմական դիմագիծին համապատասխանեն: ՀՀ Կեդրոնական դրամատան նախաձեռնութեամբ Շուշիի մէջ ազգային դրամի թանգարան կը կառուցուի: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ Արցախի կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ Շուշիի մէջ երեխաներու խնամքի եւ պաշտպանութեան գիշերօթիկ հաստատութեան եռայարկ շէնքի շինարարութիւնը իր աւարտին կը մօտենայ, իսկ Շուշիի փողոցներու բարեկարգման ծրագիրները տակաւին կը շարունակուին:

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին