Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս Ապրիլ 5-ին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան այցելած է Սարսել քաղաք:
Խորհրդարանի նախագահը եւ պատուիրակութիւնը մասնակցած են ֆրանսացի լուսանկարիչ Իվան Թրաւերի «Արցախ. երկրի մը ոգին» խորագիրով ցուցահանդէսի բացումին, որ կազմակերպուած էր «Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր» ծրագիրի ծիրէն ներս:
Խորհրդարանի ղեկավարի պատուին պաշտօնական ընդունելութիւն կազմակերպուած է Սարսելի քաղաքապետարանին մէջ, որուն մասնակցած են քաղաքապետ Անի Պերոննէն, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Ֆրանսուա Փուփոնին, Սարսելի եւ շրջակայ բնակավայրերու հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են քաղաքապետը եւ պատգամաւոր Ֆրանսուա Փուփոնին: Անոնք ընդգծած են, որ Արցախի ժողովուրդէն շատ բան կարելի է սորվիլ. դժուարին պայմաններու մէջ վերջիններս կը շարունակեն մաքառիլ` ապագայ սերունդի համար ոչինչ խնայելով, եւ ատիկա արժանի է ընդօրինակման:
Ազգային ժողովի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան եւ անկեղծ մաղթանքներուն համար` շեշտելով, որ արցախցիներուն համար ազատութեան ֆրանսական ուղին լաւագոյն օրինակներէն մէկն է։
2015-ի Մայիս 20-ին Ֆրանսայի Սարսել եւ Արցախի Մարտակերտ քաղաքներու միջեւ ստորագրուած էր բարեկամութեան հռչակագիր: