Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Հռոմի Պապը Գլուխ Խոնարհեց Նարեկացիի Արձանին Առջեւ. Վատիկանի Մէջ Հնչեցին Հայ Եկեղեցիներու Աղօթքը

Վատիկանի այգիներուն մէջ հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ հայ բանաստեղծ, երաժիշտ, փիլիսոփայ, աստուածաբան Գրիգոր Նարեկացիի արձանը: Բացումը նշանաւորուեցաւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի կողմէ հայ մշակոյթի հերոս, Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի օծմամբ:

Օծման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, բազմաթիւ հիւրեր: Ինչպէս Վատիկանէն կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցը, արձանի օծման արարողութիւններէն ետք Առ Աստուած աղօթք յղեցին նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսները։

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին գլուխ խոնարհեց արձանին առջեւ:

Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 2015 թուականի Ապրիլին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած պատարագի ընթացքին Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի կողմէ Գրիգոր Նարեկացիին Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակուելէ 3 տարի անց՝ դարձեալ Ապրիլին:

Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի մասնակցութեամբ:

Հանրապետութեան նախագահը այնուհետեւ այցելած է Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն, ուր տեղի ունեցած է պարգեւատրման արարողութիւն:

Նախագահի հրամանագիրերով դիւանագէտի օրուան կապակցութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու ամրապնդման ու զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միքայէլ Մինասեանը պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւնների համար» 2-րդ աստիճանի մետալով, բարեխիղճ եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի համար Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան գրասենեակի վարիչ Մարիամ Երեմեանը պարգեւատրուած է Երախտագիտութեան մետալով, մարդասիրական եւ բարեգործական անխոնջ գործունէութեան համար բարերար Սմբատ Կարապետեանը պարգեւատրուած է Մխիթար Հերացիի մետալով, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար Իտալիոյ Հանրապետութեան Ծերակոյտի Հայաստան-Իտալիա խորհրդարանական բարեկամական խումբի անդամ, ծերակուտական Ալտօ Տի Պիաճօն պարգեւատրուած է Մխիթար Գօշի մետալով:

Վատիկանի մէջ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացումը կը խորհրդանշէ Հռոմի եւ Հայայստանեաց Առաքելական եկեղեցիին միջեւ առկայ յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը, որոնք ալ աւելի ամրապնդուած են 2016 թուականին Ֆրանչիսկոս պապի՝ Հայաստան՝ առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդին այցելելու ժամանակ:

Նշենք, որ 2016 թուականի Յունիսին Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսի Հայաստան այցի ծիրէն ներս նախագահ Սերժ Սարգսեանը Սրբազան Քահանայապետին նուիրած էր Գրիգոր Նարեկացիի արձանի մանրակերտը՝ որպէս առաջին քրիստոնեայ երկիր Պապի ուխտագնացութեան խորհրդանիշ: Արձանը Սրբազան Քահանայապետին նուիրելու պահուն նախագահ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած էր, որ անոր մեծ տարբերակը ապագային կը տեղադրուի Վատիկանի մէջ: Հռոմի Պապը մեծապէս սիրած էր արձանը եւ շնորհակալութիւն յայտնած նախագահին՝ տալով իր համաձայնութիւնը:

Ստեղծագործութեան հեղինակը քանդակագործ Դաւիթ Երեւանցին է։ Պրոնզէ արձանը պատրաստուած է Չեխիոյ Հանրապետութեան ձուլարաններէն մէկուն մէջ՝ շնորհիւ Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միքայէլ Մինասեանի եւ Արթուր Ջանիբեկեանի ֆինանսական աջակցութեան։ Արձանի երկու օրինակ ձուլուած է, որոնցմէ մէկը Վատիկանի պարտէզներուն, իսկ միւսը՝ Էջմիածինի վեհարանի համար։ Այսպիսով, արուեստի միջոցով ուղերձ մը կը փոխանցուի, որ ի զօրու է սերտացնելու յարաբերութիւնները քոյր եկեղեցիներուն միջեւ։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին