Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Աթէշեանի Դէմ Բողոքը Կը Հասնի Պոլսոյ Փողոցները

Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի դէմ բողոքի ալիքը, դուրս գալով համայնքային շրջանակներէն, հասած է Պոլսոյ փողոցները:

«Ermenihaber.am»-ը կը հաղորդէ, որ երբ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը միջամտեց Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն եւ Աթէշեանը վերադարձուց պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնին, համայնքին մէջ արքեպիսկոպոսին նկատմամբ յառաջացած դժգոհութիւնը սկսաւ արտայայտուիլ անոր հանդիսապետութեամբ մատուցուած պատարագներու եւ համայնքային միջոցառումներու ընթացքին կատարուած բողոքի արտայայտութիւններով:

Իսկ այժմ, ի նշան բողոքի, անյայտ անձեր Պոլսոյ Քուրթուլուշ եւ Ֆերիքէոյ թաղամասերուն մէջ փակցուցած են թռուցիկներ, որոնց մէջ պատկերուած է պատրիարքի փոխանորդին դիմանկարը՝ աչքերը սեւ ժապաւէնով փակուած:

Պոլսոյ ոստիկանութիւնը հետաքննութեան սկսած է փակցնողներուն ինքնութիւնը պարզելու նպատակով:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին