Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Պոսթընի Հայ Համայնքը Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ Տարելիցին կը Պատրաստուի

Պոսթընի հայ համայնքը նախատեսած է Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին նուիրուած շարք մը ձեռնարկներ իրականացնել:

Ըստ News.am-ի՝ Ապրիլ 21-ին, Պոսթընի հայկական ժառանգութեան պուրակին մէջ տեղի պիտի ունենայ ձեռնարկ, որուն ընթացքին ելոյթով հանդէս պիտի գայ Մասաչուսէթսի Քոնկրէսի անդամ Տէյվիտ Մուրատեանը եւ  Armenian Weekly–ի գլխաւոր խմբագիր Ռուբէն Ճանպազեանը։

Մինչեւ ձեռնարկի սկսիլը՝ երիտասարդական հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները Պոսթընի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան դիմաց բողոքի ցոյց պիտի իրականացնեն՝ ի նշան Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման։

Նախանշուած ձեռնարկներէն մէկ օր առաջ՝ Ապրիլ 20-ին, Մասաչուսէթս նահանգի Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակում եւ ոգեկոչում։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին