Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Նախագահը Պաշտօնական Այցով Կը Մեկնի Սուրբ Աթոռ, Աշխատանքային Այցով` Իտալիոյ Հանրապետութիւն

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ապրիլ 4-ին պաշտօնական այցով մեկնեցաւ Սուրբ Աթոռ (Վատիկան): Հանրապետութեան նախագահը հանդիպումներ կ’ունենայ Հռոմի Պապ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոսի, Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար Քարտինալ Փիետրօ Փարոլինի հետ, կը մասնակցի Վատիկանի մէջ «Տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետ» հռչակուած Աստուածաշնորհ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման արարողութեան, որմէ ետք տեղի կ’ունենայ միջքրիստոնէական արարողութիւն` Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի մասնակցութեամբ:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն, հանրապետութեան նախագահի Ապրիլ 4-6 կայանալիք այցի ծիրէն ներս հանդիպում կը նախատեսուի նաեւ Մալթայի Ինքնիշխան Մարտական Ուխտի Մեծ վարպետի տեղապահ Ֆրա Ջակոմօ Տալլա Թոռէ Տել Տեմպիօ տի Սանկուինեթոյի հետ: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Երուսաղէմի Ս. Յովհաննէսի, Հռոդոսի եւ Մալթայի ինքնիշխան մարտական բարեխնամ ուխտի (Մալթայի ինքնիշխան ուխտ) միջեւ կը ստորագրուի համագործակցութեան համաձայնագիր, որմէ ետք Սերժ Սարգսեան եւ Ֆրա Ջակոմօ Տալլա Թոռէ Տել Տեմպիօ տի Սանկուինեթօ հանդէս կու գան ԶԼՄ-ներու առջեւ յայտարարութիւններով:

Նախագահ Սարգսեան աշխատանքային այց կը կատարէ նաեւ Իտալիոյ Հանրապետութիւն, ուր հանդիպումներ կ’ունենայ Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլայի, Սենատի նախագահ Մարիա Էլիզապեթա Քազելաթիի եւ Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Ռոպերթօ Ֆիքոյի հետ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին