Ապրիլ 4-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հռոմի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի հրաւէրով մեկնեցաւ Վատիկան, ուր այսօր՝ Ապրիլ 5-ին պիտի մասնակցի Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման արարողութեան: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն։
Այցին ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կ’ուղեկցին ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը, Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը, Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն Հոգեշնորհ Տ. Շահէ ծայրագոյն վարդապետ Անանեանը եւ Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Արժանապատիւ Տ. Վահրամ քահանայ Մելիքեանը: