*ԱՏՐԻՆԷ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ*
Քրիստոնեայ աշխարհի ամենանուիրական տօներն են Տիրոջ Ս. Ծննդեան տօնը եւ Ս. Յարութիւնը։ Աւետարանիչները կը հաստատեն, թէ Քրիստոսի խաչելութենէն եւ թաղումէն երեք օր ետք երեք կոյսեր ուզած են Յիսուսի գերեզմանը այցելել եւ տեսած են պատահած հրաշքը. գլորուած է գերեզմանին վրայ դրուած քարը, եւ Յիսուսի մարմինը չկայ, յարութիւն առած էր քառասուն օր ետք համբառնալու համար իր Տիրոջ քով։
Անոնք որ կը մկրտուին Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Ս. Աւազանին մէջ, կը դառնան հայ եկեղեցւոյ մէկ անդամը։ Հետեւաբար անոնք հաւատքով եւ երկիւղածութեամբ պէտք է մօտենան մեր սուրբ տօներուն։ Յիսուսի գերեզմանը կը գտնուի Երուսաղէմի հին քաղաքի քրիստոնէական թաղին մէջ` Ս. Յարութիւն տաճարի կեդրոնը։ Երկար տարիներէ ի վեր աշխարհի չորս ծագերէն միլիոնաւոր ուխտաւորներ կ’այցելեն հոն, ուր անհաւատը նոյնիսկ կը դառնայ հաւատացեալ։
Ս. Զատկուան տօնին առթիւ մեր ժողովուրդը պահած է հաւկիթները կարմիր ներկելու սովորութիւնը. ըստ աստուածաբան Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի` հաւկիթը տիեզերքի խորհրդանիշն է, որուն կեղեւը կը ներկայացնէ երկինքը, ճերմակը` ծովերը, դեղնուցը` երկիրը եւ մարդկութիւնը։ Հաւկիթը կը նշանակէ նաեւ կեանք։ Կարմիրը Յիսուսի արեան գոյնն է։ Ան Իր յարութեամբը դարձաւ խորհրդանիշը յաւիտենական կեանքի։
Դարերէ ի վեր բարի սովորութիւն դարձած է Ս. Ծննդեան եւ Ս. Զատկուան տօներուն առթիւ «տունօրհնէք» կատարել տալ` ձեռամբ հոգեւորականի մը։ Հաւատացեալի մը համար տունօրհնէքի արարողութիւնը հոգեկան անհրաժեշտութիւն մըն է` տրուած ըլլալով, որ այդ աղօթքներով հայ օճախը կը մաքրագործուի եւ հեռու կը մնայ ամէն տեսակի չարութիւններէ եւ ձախողութիւններէ։
Ս. Ծնունդի առթիւ կ’օրհնուին հացը, ջուրը եւ աղը, իսկ Ս. Զատիկին` հացը, գինին եւ աղը։ Թող մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան իրականութիւնը, որ տօնն է նաեւ կեանքի յաղթանակի, մղիչ ուժ դառնայ մեր գաղութի բոլոր հաստատութիւններէն եւ տուներէն ներս։
«Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց»
«Օրհնեալ Է Յարութիւնը Քրիստոսի»
Իր մահովը մահը յաղթեց։
Իր յարութեամբը մեզ նոր կեանք պարգեւեց։
Յաւիտենական փառք կու տանք։
Ամէն։