Մարտ 28-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը ընդունեց Լիբանանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինի ատենապետ ընկ. Յակոբ Գասարճեանը:
Հանդիպումին ներկայ էր ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանը:
Ողջունելով ընկ. Գասարճեանին, նախարարը կարեւորեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան հայանպաստ գործունէութիւնը, ընդգծեց համահայկական հարցերու շուրջ համախմբուելու, միասնական ըլլալու անհրաժեշտութիւնը, հետաքրքրուեցաւ տարբեր երկիրներու մէջ գործող Թէքէեան կառոյցներու հաւաք-հանդիպման մասին, որ տեղի ունեցած էր ԱՄՆ Նիւ Ճըրզի նահանգին մէջ: Սփիւռքի նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Անհրաժեշտ է միաւորել մեր ուժերը եւ Համահայկական Թէքէեան Մշակութային Միութիւն ստեղծել: Միութիւնը կը համախմբէ թէքէեանականներու ուժերը, առաւել կ’աշխուժացնէ Սփիւռքը, անոր մշակութային կեանքը, ինչպէս նաեւ դարձեալ կ’արժեւորէ մեծ գրողի անունն ու վաստակը»:
Ընկ. Գասարճեան նշեց, որ դեռ ժամանակին այս գաղափարը առաջ քաշած է Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, եւ յոյս յայտնեց, որ Մայիս 9-11 Երեւանի մէջ կայանալիք Թէքէեան Մշակութային Միութեան համագումարին անիկա կեանքի կը կոչուի:
Պայմանաւորուածութիւն կայացաւ ՀՀ Սփիւռքի եւ Մշակոյթի նախարարութիւններու համատեղ ուժերով ու աջակցութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան համախմբման գաղափարը իրականութիւն դարձնել եւ աջակցութիւն ցուցաբերել մշակուած ու մշակուող ծրագիրներուն: