Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Դէպի Խորհրդարան Ուղիին Վրայ – Համակեցութիւն՝ Միասին, Լաւ Եւ Խաղաղ Ապրիլը

Սիրելի ընթերցող բարեկամ, այսօր կը փափաքիմ միասին մտածենք լիբանանեան համակեցութեան մասին: Աշխարհի բոլոր երկիրներու մէջ ալ մարդիկ միասին կ’ապրին: Մեր պարագային, սակայն իւրաքանչիւր լիբանանցի, քաղաքացիական ինքնութեան կողքին ունի համայնքային ինքնութիւն մը: Լիբանանեան համակեցութիւնը ոչ միայն մէկ ազգային ինքնութեամբ յատկանշուող քաղաքացիներու միասին ապրիլն է, այլեւ համայնքներու պատկանող քաղաքացիներու:

Սակայն համակեցութիւնը աւելի լայն հասկացութիւն է քան համայնքային, կամ քաղաքացիական: Տունէն ներս, այր ու կնոջ, ընտանիքի, գերդաստանի անդամներու միասին ապրիլը համակեցութիւն է, դպրոցին, համալսարանին մէջ, աշխատանքի վայրերուն մէջ մեր պաշտօնակիցներուն, գործընկերներուն հետ շփումը, յարաբերութիւնը համակեցութեան արդիւնք է: Համակեցութիւն է նաեւ ճամփան՝ երբ կը քալենք, կամ ինքնաշարժ կը քշենք ու այսպէս թէ այնպէս կը շփուինք ուրիշներու հետ:

Թերեւս պէ՞տք է խօսիլ համացանցի համակեցութեան մասին:

Այլ խօսքով, համակեցութիւնը կ’ընդգրկէ մեր մարդկային բոլոր շփումներու ընթացքին յառաջացած այլ մարդոց հետ ըլլալու մեր պահերը:

Միասին մտածենք թէ մենք ինչպէ՛ս կը վարուինք մեզ շրջանցել փորձող, կամ դանդաղող, կամ աճապարող ինքնաշարժի վարորդին հետ, որքա՛ն համբերատար ենք մրցակից խմբակցութեան մը անդամին, կամ հանդուրժող՝ մեզի տարակարծիք քաղաքական ուղեգիծի տէր խմբակցութեան հանդէպ:

Լիբանանի գեղեցիկ եւ բացառիկ իւրայատկութիւններէն մին է այս բազմատեսակ, տարաբնոյթ ինքնութիւններու համադրութիւնը, խաղաղ գոյակցութիւնը, համակեցութիւնը:

Ձեր ձայներով երբ հասնիմ խորհրդարան, պիտի սատարեմ հանդուրժողութեան, ուրիշը ընդունելու ժողովրդավարական սկզբունքներով սնանող քաղաքական մշակոյթին տարածման եւ օրինագիծերու որդեգրման:

Ալինա Կիւլվանէսեան-Տագէսեան
Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի ՌԱԿ-ի թեկնածու

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին