Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Փրոֆ. Շահէ եւ Վահէ Ներկիզեանները Կը Հրատարակեն Ելեկտրականութեան Ճարտարարուեստի Նորագոյն Մասնագիտական Գիրքը

Քանի մը ամիս առաջ լոյս ընծայուեցաւ մոնթրէալաբնակ Ներկիզեան գիտնական եղբայրներու ֆրանսերէն լեզուով պատրաստած դասագիրքը, որ թէ՛ hամալսարանական ուսանողներու եւ թէ հետազօտութիւններ կատարող մասնագէտներու կը հայթայթէ համակարգչային օժանդակութեամբ հիմնական գիտելիքներ եւ ելեկտրականութեան ճարտարարուեստի նորագոյն կիրարկումներու մանրամասն տեղեկութիւններ, բարդութիւններ կանխելու եւ դժուարութիւններ յաղթահարելու միջոցներ: Այս մասին կը հաղորդէ  abakanews-ը։

Աւելի քան իննը հարիւր էջերէ բաղկացած եւ մանրամասն բացատրական նկարներով ճոխացած այս գիրքը ունի նաեւ մօտ 300 էջերու բաժին մը՝ գործնական օրինակներով, հարցերու լուծումի որպէս վարժութիւններ:

Փրոֆ. Շահէ Ներկիզեան դասախօս է École Polytechnique de Montréal-ի մէջ: Նոյն հաստատութենէն Engineering-ի աստիճանով շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Մգ Կիլ համալսարանէն ստացած է Մէթրիզի վկայական եւ ապա INRS-էն ստացած է Դոկտորային աստիճան Télécommunications-ի ճիւղին մէջ:

Փրոֆ. Վահէ Ներկիզեան կը դասաւանդէ Մոնթրէալի École de technologie supérieure-ի մէջ: Engineering-ի աստիճան ստացած է École Polytechnique de Montréal-ի ելեկտրական ճարտարարուեստի բաժնին մէջ եւ Մէթրիզի վկայական Մգ Կիլ համալսարանէն ու ապա Դոկտորայի աստիճան  Մոնթրէալի Գոնգորտիա Համալսարանէն Microsystèmes-ի ճիւղին մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին