Շաբաթ, 02. 12. 2023

spot_img

Վիգէն Սարգսեան Պաշտպանական Արդիւնաբերութեան Զարգացումը Հայաստանի Տնտեսութեան Յառաջընթացի Գերակայութիւններէն Կը Համարէ

Պաշտպանական արդիւնաբերութեան զարգացումը Հայաստանի տնտեսութեան յառաջընթացի գերակայ ուղղութիւններէն է: Այս մասին ըսաւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան սպառազինութեան եւ պաշտպանական արհեստագիտութեանց «ArmHiTec-2018» ցուցահանդէսի բացումին:

«Պաշտպանական արդիւնաբերութեան բնագաւառին մէջ նորարարական ու արհեստագիտական բարձր մշակումները վերջին տարիներուն առանձնայատուկ տեղ գրաւած են Հայաստանի գիտութեան եւ արդիւնաբերութեան զարգացման գործին մէջ: Կարճ ժամանակահատուածի մէջ մշակուած եւ Զինուած ուժերու սպառազինութիւնը համալրուած են ռազմական նշանակութեան արտադրանքի ժամանակակից նմոյշներ, որոնցմէ մէկ մասին կրնաք ծանօթանալ այս ցուցահանդէսի տաղաւարներուն մէջ»,- «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` ըսաւ նախարար Սարգսեան:

Ան յիշել տուաւ, որ Զինուած ուժերու արդիականացման եօթնամեայ ծրագիր ընդունուած է, որուն գլխաւոր նպատակը մասնագիտական սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերը արհեստագիտական բարձր նմոյշներու արտադրութեան մէջ ներդնելն ու արտասահմանեան շուկաներ դուրս գալն է: Ցուցահանդէսը յագեցած կ’ըլլայ գիտական ու գործնական բնոյթի ծրագիրով` գիտաժողովներ, կլոր-սեղաններ, ինչը, ըստ նախարարին, թոյլ կու տայ քննարկելու պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան արդի խնդիրները, ինչպէս նաեւ ամրապնդել եղած կապերը զինուորականներու, գիտնականներու եւ գործարարներու միջեւ:

Նախարարը տեղեկացուց, որ ցուցահանդէսին իրենց արտադրանքները պիտի ներկայացնեն 34 հայկական, ինչպէս նաեւ 14 երկիրներու աւելի քան 30 ընկերութիւններ: «Ցուցահանդէսին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած են պետական պատուիրակութիւններ Ռուսաստանէն, Յունաստանէն, Հնդկաստանէն, Պելառուսէն, Տաճիկստանէն, Ղազախստանէն, Ղրղզստանէն, Իրանէն, Սերպիայէն եւ Եգիպտոսէն»,- նշեց Վիգէն Սարգսեան` աւելցնելով, որ ներկայ է նաեւ ՀԱՊԿ պատուիրակութիւնը: Ան ներկաներուն անունով ցաւակցութիւն յայտնեց ռուս գործընկերներուն Քեմերովոյի մէջ տեղի ունեցած դժբախտ պատահարի կապակցութեամբ:

«Յոյս ունինք, որ այս միջոցառումը մեր երկիրներու զինուորականներուն, գիտական ու գործարար շրջանակներուն միջեւ արդիւնաւէտ երկխօսութեան հարթակ կը հանդիսանայ միջազգային համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման համար»,- եզրափակեց նախարար Սարգսեան:

Հայաստան Կը Սատարէ Յունաստանին՝ Թուրքիոյ Մէջ Կալանաւորուած Յոյն Զինծառայողներուն Ազատ Արձակելու Հարցով

Հայաստան կը սատարէ Յունաստանին վատ եղանակի պատճառով Թուրքիոյ տարածքին յայտնուած եւ լրտեսութեան յանցանքով մեղադրուելու համար կալանաւորուած 2 յոյն զինծառայողներուն շուտափոյթ ազատ արձակելու հարցին կապակցութեամբ: ՀՀ ՊՆ վարչական համալիրին մէջ կայացած ասուլիսի ընթացքին այս մասին նշեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան:  «Մենք կը տեսնենք, որ պէտք է բարի կամքի դրսեւորում ըլլայ, եւ բոլոր յարաբերութիւններուն մէջ պէտք է գերիշխէ փոխադարձ յարգանքի եւ իրարու նկատմամբ աւելի ճկուն մօտեցումներու կարողութիւնը: Մենք այս հարցով կը սատարենք յունական կողմին»,- «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ ըսաւ նախարարը:

Վիգէն Սարգսեան նաեւ յայտնեց, որ իր յոյն գործընկերոջ հետ քննարկած են Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն առնչուող խնդիրները: «Երկուստեք անթոյլատրելի համարած ենք այդ երկրին կողմէ նախապայմաններու կամ սպառնալիքներու լեզուով խօսելու քաղաքականութիւնը: Այդ հարցի ծիրէն ներս ես իմ գործընկերոջ տեղեկացուցի 2009-ին ստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւններու կնքման ընթացակարգը դադրեցնելու պատճառներուն մասին»,- ընդգծեց Վիգէն Սարգսեան:

Մարտ 2-ին Յունաստանի զինուած ուժերուն 2 զինծառայող կորսուած ու ապա յայտնուած են Թուրքիոյ տարածքին: Զինծառայողները հերթապահած են Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանային գետ հանդիսացող Մարիցա գետի հատուածին մէջ, եղանակային վատ պայմաններու պատճառով կորսուած եւ այնուհետեւ յայտնուած են թրքական կողմը: Յունաստանի ԶՈւ զինծառայողներ, հրամանատար Անգելոս Միթրեթոտիսը եւ ենթասպայ Տիմիթրիս Քաուքլազիսը կը մեղադրուին «ռազմական լրտեսութեան փորձի կատարման եւ ռազմական արգիլուած գօտի մուտք գործելու» յանցանքով: Մարտ 27-ին Թուրքիոյ վերաքննիչ քրէական դատարանը մերժած է թուրք-յունական սահմանները հատած 2 յոյն զինծառայողին ազատ արձակելու վերաբերեալ անոնց փաստաբաններուն պահանջը: Յոյն զինծառայողները պիտի շարունակեն կալանաւորուած մնալ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին