Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Ճգնաւորեանի Ֆիլմը Մրցանակակիր՝ Վենետիկի Ֆիլմերու Փառատօնին

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը կը տեղեկացնէ, թէ իր դասախօսներէն Զարեհ Ճգնաւորեանի՝ «Եղերգ Լոյսի Մէջ» ֆիլմը գլխաւոր մրցանակը շահած է Վենետիկի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կայացած «Ճգնաւորական ֆիլմերու միջազգային փառատօն»-ի վաւերագրական ֆիլմերու բաժանմունքին մէջ։

 

Փառատօնի տնօրէն Սարա Ֆերրօ դրուատած է յատկապէս այս ֆիլմին «կախարդական նկարահանումը»` միաժամանակ շեշտելով, որ անիկա «բրածոյի մը տոկունութիւնը ունի` հակառակ արտաքնապէս տկար թուելուն»:

Ֆիլմը նկարահանուած է Վազգէն Ա. կաթողիկոսի թաղման արարողութեան ընթացքին եւ անոր միջոցաւ հեղինակը կը փորձէ պատկերել հոգեփոխութիւնն ու մահուան տեսիլքը՝ օգտագործելով Լորիս Ճգնաւորեանի «Քրիստոսի Կեանքը» ստեղծագործութեան երաժշտութիւնը։

Նշեալ փառատօնը նուիրուած է հոգեւորական հարցերու, գաղտնի վարդապետութեանց, գերբնական կամ կախարդական հաւատքներու առնչուող ֆիլմերու։

Զարեհ Ճգնաւորեան ծնած է Ֆարկօ (Նորթ Տաքոթա), հասակ նետած է երաժիշտներու ընտանիքի մը մէջ եւ կեանքի տարբեր հանգրուանները ապրած է Թեհրանի, Լոնտոնի, Ֆրանքֆուրթի, Փարիզի եւ Նիւ Եորքի մէջ։ Ան մասնագիտացած է շարժապատկերի եւ պատկերասփիւռի յայտագիրներու արտադրութեան մէջ, իսկ անոր նորագոյն ֆիմը կ՛առնչուի Խորհրդային Հայաստան ապաստանած Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու փորձառութեանց։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին