Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Կառավարութիւնը Սերժ Սարգսեանին Օրէնքով Սահմանուած Երաշխիքներու Տրամադրման Որոշում Կայացուց

ՀՀ կառավարութիւնը նախագահի լիազօրութիւններու աւարտէն ետք Սերժ Սարգսեանին օրէնքով սահմանուած երաշխիքներու տրամադրման վերաբերեալ որոշում կայացուց:  «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ, կը նախատեսուի ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ենթակայութեան «Քոնտի առանձնատուներու տնտեսութիւն» ՊՈԱԿ-ի հաշուեկշիռին մէջ ամրացուած՝ 6-րդ մասնաշէնքի մէջ մտնող շէնքը եւ շինութիւնները  սպասարկման տարածքով (1.5365 հա) ետ վերցնել եւ սեփականութեան իրաւունքով անհատոյց տրամադրել Սերժ Սարգսեանին՝ որպէս բնակարան:

ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարին որոշումով, ՀՀ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավարին եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնին կը յանձնարարուի ապահովել օրէնքով սահմանուած մնացեալ երաշխիքներու տրամադրումը Սերժ Սարգսեանին նախագահի լիազօրութիւններու աւարտէն ետք՝ իր դիմումի հիման վրայ։

Սոյն որոշումը ի գործ պիտի դրուի 2018-ի Ապրիլ 9-էն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին