Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Արցախի Մէջ Ասեղնագործութեան Դասընթացքներ Պիտի Կազմակերպուին

Այս տարի Արցախի մէջ առաջին անգամ ըլլլալով պիտի կազմակերպուին ասեղնագործութեան դասընթացքներ:

Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, ըսած է ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արուեստներու բաժինի վարիչ Երազիկ Դանիէլեան՝ նշելով, որ դասընթացքներուն կրնան մասնակցիլ կարող բոլոր ցանկացողները՝ առանց տարիքային սահմափակման:

«Դասընթացքներու թեման պիտի ըլլայ արցախեան ասեղնագործութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութենէն պիտի հրաւիրուին համապատասխան մասնագէտներ, քննարկումները ընթացքի մէջ են: Ասեղնագործութեան դասընթացքներուն առաջին օրը մասնագէտները հանդէս պիտի գան դասախօսութեամբ, որուն պիտի յաջորդեն գործնական աշխատանքները»,- նշած է Ե. Դանիէլեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին