Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Տասը Կուսանաց Յիշատակի Ժամերգութիւն Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

Աւագ Երեքշաբթի, 27 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Աւագ Շաբթուան խորհրդալից արարողութիւններուն առաջինը՝ Տասը Կոյսերու Յիշատակի ժամերգութիւնը, որ նուիրուած է Յիսուսի երկրորդ գալուստի խորհուրդին։

Աւետարանի ընթերցումէն ետք հինգ հայ աղջիկներ, որոնց վիճակուած էր «իմաստուն» գրութիւնը, վառ պահեցին իրենց մոմերը, իսկ միւս հինգը, որոնց վիճակուած էր «յիմար» գրութիւնը, մարեցին զանոնք՝ խորհրդանշելով մարդկային ընկերութեան երկու խումբերը։ Իմաստունները առակին մէջ յիշուած հինգ կոյսերուն նման՝ Տիրոջ Գալուստը դիմաւորելու պատրաստ եղող մարդոց խումբը կը խորհրդանշեն, իսկ մնացեալները՝ անտարբերները։

Արարողութեան աւարտին, Տասը Կոյսերը, Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերպ. Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. Վարդանեանի առաջնորդութեամբ բարձրացան Վեհարան, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հայրական սիրով ընդունեց եւ յուշանուէրներ տալով օրհնեց զանոնք։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին