Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

«Լոյս» Կրթաթոշակ Ստացողները Այսուհետեւ Ուսումը Աւարտելէ Ետք Պէտք Է Առնուազն 3 Տարի Աշխատին Հայաստանի Մէջ

«Լոյս» հիմնադրամը, որուն շնորհիւ հայ երիտասարդներ կրնան կրթութիւն ստանալ աշխարհի լաւագոյն համալսարաններու մէջ, կրթաթոշակի ծրագիրի նոր կանոնակարգ ընդունած է՝ ռազմավարական փոփոխութիւններ իրականացնելով հիմնադրամի աշխատանքի մէջ:

Ըստ «ՓանԱրմինիըն»-ի՝ այսուհետեւ կրթաթոշակառուներուն պայման  պիտի առաջադրուի ուսման աւարտէն ետք Հայաստան վերադառնալ:

2017 Յուլիսին «Լոյս»-էն օգտուողներու հետ հանդիպման ընթացքին նախագահ, «Լոյս» հիմնադրամի համահիմնադիր Սերժ Սարգսեան իր ելոյթին մէջ նշած էր, որ Հիմնադրամի աշխատանքի մէջ ռազմավարական փոփոխութիւններ իրականացնելու ժամանակն է:

Յայտարարութեան յաջորդած ամիսներուն «Լոյս»-ը ուսումնասիրած է 2009էն ի վեր իր բոլոր գործառնութիւնները: Կատարուած վերլուծութեանց հիման վրայ «Լոյս»-ի գիտական խորհուրդը որոշած է Կրթաթոշակի ծրագրի նոր կանոնակարգ: Ռազմավարական այս նոր մօտեցումը թոյլ կու տայ աւելի նպատակաուղղուած ծառայել Հայաստանի եւ ողջ Հայկական աշխարհի զարգացման:

Հիմանդրամը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ հիմնական փոփոխութիւնները, որոնք կը վերաբերին՝

ա.- Կրթաթոշակառուներուն առաջադրուող պայմաններուն (օրինակ՝ այսուհետ կրթաթոշակառուներուն պայման է առաջադրուելու, ուսման աւարտէն ետք Հայաստան գալու եւ առնուազն երեք տարի այստեղ ապրելու/աշխատելու),

բ.- Հայաստանի եւ սփիւռքի երիտասարդներու համար նախատեսուած կրթաթոշակային տեղերու քանակային յարաբերակցութեան,

գ.- Տրամադրուող կրթաթոշակի հաշուարկման չափանիշներուն»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին