Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Դէպի Խորհրդարան Ուղիին Վրայ – Խղճի Եւ Արդարութեան Ձայնի Տէր Հայը՝ Տոքթ. Աւետիս Տագէսեան

                                                                                  Մ. ՄԱՆՈՒՇԵԱՆ

Յարգելի՛ լիբանանահայեր,

Օրեր մեզ կը բաժնեն այն թուականէն, երբ Մայիսի 6-ին լիբանանցիներ պիտի ուղղուին քուէատուփ՝ ընտրելու համար իրենց ներկայացուցիչները, որոնք տեղ պիտի գրաւեն Լիբանանի Խորհրդարանէն ներս եւ պիտի պաշտպանեն լիբանանցիներու իրաւունքերն ու շահերը:

Այսօրուան դրութեամբ շատ են երեսփոխանական թեկնածուները, կարծուածէն աւելի: Անոնցմէ շատեր ոչ թէ առաջին անգամ կը մասնակցին ընտրութիւններուն, այլ երկրորդ, կամ երրորդ, կամ թերեւս աւելի… միշտ լեցուն խոստումներով, իւրաքանչիւրը կը խոստանայ բարելաւման իր նպաստը բերել՝ օգտակար հանդիսանալու համար հասարակութեան: Մաղթե՛նք:

Լիբանանցի թեկնածուներու կողքին այս տարի շատ է թիւը նաեւ հայ թեկնածուներուն, թերեւս առաջին անգամ ըլլալով այսքան շատ: Խանդավառութիւնը ամէն կողմ է, հոսանքներ, շարժումներ, կուսակցութիւններ եւ խմբակներ կը պատրաստուին իջնել քարոզչական հրապարակ՝ համոզելու եւ ձայներ ապահովելու համար:

Այս տարուան թեկնածուներուն մէջ կայ սակայն անձ մը, որ իր համեստութեամբ, պարկեշտութեամբ, հայութեան հանդէպ ունեցած հաւատարմութեամբ միշտ ալ գրաւած է մեզմէ շատերուն ուշադրութիւնը՝ որպէս պարատաճանաչ հայ, ծառայասէր հայ, բարեգործ ու արդարամիտ հայ: Այդ անձը լիբանանահայ շրջանակներուն շատ մօտիկ, Պուրճ Համուտի սրտին վրայ իր ունեցած ատամնաբուժական քլինիքով ծանօթ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանն է:

Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Պէյրութի թեկնածու տոքթ. Աւետիս Տագէսեանը ոչ միայն ծանօթ է ու հանրայայտ իր կուսակցական շրջանակին մէջ, այլեւ շատ-շատերուն: Շնորհիւ իր բարեմիտ, ազնիւ, ծառայասէր նկարագիրին, լրջախոհ ու շրջահայեաց վեհանձն վարմունքին, ան այսօր կը վայելէ բազմահարիւրներու համակրանքը՝ առանց կուսակցական ու միութենական խտրականութեան՝ միշտ հաւատալով ազատ խորհելու եւ ազատ գործելու գաղափարին: Ան լիբանանահայ իրականութեան մէջ միշտ ալ եղած է արդար դատող, արդար կշռող եւ ճիշդ տրամաբանող հայ, եւ մեկնելով այս սկզբունքէն, կը հաւատանք, որ վաղը ան նոյն ազատամիտ գաղափարներով պիտի պաշտպանէ հայ քուէարկողի դատը Խորհրդարանէն ներս:

Ներկայ հանգրուանին, համոզուած ենք, որ լիբանանեան ընտրութիւնները առիթ են, որպէսզի իւրաքանչիւր լիբանանցի ու լիբանանահայ դիմէ՛ իր խղճի ձայնին, գիտակցի՛ իր ձայնին կարեւորութեան, մասնակցի՛ յառաջիկայ ընտրութիւններուն եւ այս ճանապարհին ան անտեսէ՛ ամէն տեսակի ամբոխավար սին քարոզչութիւն եւ իր ձայնը տայ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի նման արժանաւոր հայու, որպէսզի ապագային զգա՛յ, թէ ան կատարած է ճիշդ ընտրութիւն:

Յարգելի՛ լիբանանահայ, եթէ կ’ուզես, որ քու ձայնդ ստանայ իրապէ՛ս արժէք եւ դուն ապագային յուսախաբ չըլլաս,  քուէարկէ՛ քու թեկնածուիդ՝ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանին:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին