Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Արցախի Պետական Նախարարը Գերմանիոյ Նախկին Դեսպանին Հետ Քննարկած Է Արցախ–Գերմանիա Համագործակցութեան Հեռանկարները

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արա Յարութիւնեան 26 Մարտին ընդունած է 2009-2012 թուականներուն  Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Գերմանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Հանս-Եոխեն Շմիտթը:

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարը ողջունած է գերմանացի դիւանագէտը հերթական այցելութեան համար` նշելով, որ բարձր կը գնահատէ Արցախի հետ անոր ունեցած անշահախնդիր բարեկամութիւնը: Հանս-Եոխեն Շմիտթի խնդրանքով` Ա. Յարութիւնեան ներկայացուցած է Արցախի ընկերային-տնտեսական բնագաւառին մէջ վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է ներդրումային շարք մը ծրագիրներու: Դեսպան Շմիտթը շնորհակալութիւն յայտնած է Ա. Յարութիւնեանին ջերմ ընդունելութեան համար եւ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած իր այցելութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:

Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են  տնտեսութեան շարք մը ոլորտներու մէջ Արցախի եւ Գերմանիոյ միջեւ համագործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին