2018-ին սպասուող տօնակատարութիւններուն ընդառաջ՝ ֆրանսական Կրենոպլ քաղաքի «Հայկական մշակոյթի տունը» հանդէս կու գայ նախաձեռնութեամբ՝ կազմակերպելով համահայկական կենդանի պատկեր (ֆլէշմոպ) «Արի պարի քոչարի»՝ նուիրուած Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100 եւ Էրեբունի-Երեւանի 2800 ամեակներուն:
«Բաց մի ձգէք աշխարհին ներկայանալու նման հնարաւորութիւնը»,- ֆրանսական Կրենոպլ քաղաքէն կոչ կ’ընեն նախաձեռնութեան հեղինակները:
Մանրամասնութիւններու շուրջ «Ռատիօլուր»-ը զրուցած է Կլենոպլի մշակոյթի տան Հայաստանի հետ կապերու պատասխանատու Սիրանուշ Խաչատրեանի հետ:
2018-ի Մայիս 26-ին աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ բնակող բոլոր հայերով պարել յաղթական քոչարին՝ ի պատիւ մեր բոլոր յաղթանակներուն եւ ի նշան մեր միասնականութեան:
Նկարահանեցէք ձեր պարը որեւէ տեսախցիկով կամ հեռաձայնով եւ հնարաւորինս մեծ պաստառով: Վերբեռնելով ձեր տեսանիւթը Եություպի կամ ֆէյսպուք սոցիալական ցանցերու մէջ՝ անպայման վերնագիրին մէջ աւելցուցէք #aripariqochari հեշթէկը: Ըստ նախաձեռնութեան հեղինակներուն՝ ան կ’օգնէ որոնման համակարգերուն տեսանիւթը դարձնել արագ հասանելի:
Տեսանիւթի նկարագրութեան մէջ նշեցէք, թէ ո՛ր երկրի, քաղաքի կամ գիւղի մէջ նկարահանուած է եւ կայքի մէջ առկայ քարտէսի վրայ ձեր տեսանիւթը կը տեսնէք միւս բոլոր տեսանիւթերու կողքին:
«Արի պարի քոչարի նախագիծը առաջին համահայկական կենդանի պատկերն է իր տեսակի մէջ, որուն կրնան մասնակցիլ բոլորը՝ Մայիս 26-ին, նոյնիսկ ձեր տան մէջ պարելով յաղթական քոչարին՝ ի նշան միասնութեան: