Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Հայաստան Կը Պատրաստուի Զբօսաշրջային Ծանրակշիռ Երկիր Դառնալու

«Զօրաց քարեր»-ու, Խոր Վիրապի տարածքները պիտի վերածուին զբօսաշրջային կեդրոններու: Հայաստանի մէջ պիտի բարեկարգուին զբօսաշրջական վայրերը, պիտի կառուցուին նոր կեդրոններ:

 

Համաշխարհային դրամատան եւ կառավարութեան միջեւ կնքուած վարկային համաձայնագիրի ծիրէն ներս կը նախատեսուի Արարատի, Կոտայքի, Լոռիի, Սիւնիքի, Վայոց Ձորի, Շիրակի մարզերուն մէջ Հարաւային միջանցք զբօսաշրջային զարգացման ռազմավարութեան եւ տեղական տնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու զարգացման ծրագիր իրականացնել, որ պիտի նպաստէ պատմամշակութային, հոգեւոր եւ ճարտարապետական յուշարձաններու շրջակայքին զբօսաշրջային գօտիներու եւ սպասարկման կառոյցներու ստեղծման, տարածքային ենթակառուցուածքներու բարելաւման ու զարգացման:

Այս մասին, ըստ «Սփութնիք»-ի, կը յայտնեն Հայաստանի տարածքային զարգացման հիմնադրամէն: Հիմնադրամէն նաեւ կը տեղեկացնեն, որ Գառնիի մէջ կը նախատեսուի «Քարերու սիմֆոնիա» բնական յուշարձանին յարող տարածքի բարեկարգում եւ դէպի յուշարձան տանող ճանապարհի վերակառուցում, Կիւմրիի մէջ` «Կումայրի» պատմամշակութային արգելոցային գօտիի բարեկարգում, Սիւնիքի մէջ` «Զօրաց քարեր» բնական յուշարձանին յարող տարածքին մէջ զբօսաշրջային կեդրոնի կառուցում, դէպի Տաթեւ վանական համալիր տանող ճանապարհի վերակառուցում, իսկ Արարատի մէջ` Խոր Վիրապ վանական համալիրին յարող տարածքին մէջ զբօսաշրջային կեդրոնի կառուցում:

Ասիական Զարգացման դրամատան ֆինանսական աջակցութեամբ կը նախատեսուի կեանքի կոչել «Երկրորդային քաղաքներու մէջ` որպէս աճի բեւեռ, առաջնահերթ հիմնախնդիրներու լուծման ծրագիրը», մասնաւորապէս Վանաձորի, Ծաղկաձորի, Սեւանի, Ջերմուկի մէջ պիտի իրականացուի քաղաքային միջավայրի, զբօսաշրջային եւ հանգստեան վայրերու բարեկարգման, ճանապարհներու վերականգնման, պատմամշակութային կառոյցներու պահպանման եւ բարելաւման գործընթացը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին