Կիրակի, 25 Մարտ 2018-ին Հալէպի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիները զարդարուած էին հաւատացեալ ժողովուրդի հոծ ներկայութեամբ եւ ձիթենիի տերեւներ ու մոմեր բռնած մեծաթիւ մանուկներով ու երիտասարդներով։ Եկեղեցական արարողութիւնն ու աւանդական թափօրը խորհրդանշեցին Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ։ Արարողութիւններուն ներկայ էին նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեանը։ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց ու օրուան պատգամը տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը: Այնուհետեւ թափօրը դուրս եկաւ եւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ աղօթքը շարունակուեցաւ։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցեց Տէր Արշակ Քահանայ Ալաճաճեան։ Եկեղեցին զարդարուած էր ձիթենիի նուիրաբերուած տերեւներով եւ Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքին խորհուրդով վերականգնումի նոր փուլ թեւակոխելու, Հալէպի գարունը ցնծութեամբ դիմաւորելու եկած հաւատացեալներով: