Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Ծաղկազարդը Ախալցխայի Մէջ

Մարտ 25-ին Առաքելական եւ Ուղղափառ Սուրբ Եկեղեցին տօնեց մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի փառաւոր մուտքը Երուսաղէմ, կամ՝ Ծաղկազարդը: Այս մասին կը հաղորդէ «Akhaltskha.net»-ը։

Ինչպէս Առաքելական բոլոր Եկեղեցիներուն մէջ, Ախալցխայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ նոյնպէս մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Պատարագիչն էր Ախալցխայի եւ Բորժոմիի շրջաններու հոգեւոր տեսուչ Հոգեշնորհ Տէր Յակոբ աբեղայ Սահակեան, որ յաւուր պատշաճի մեկնեց օրուան խորհուրդը եւ շնորհաւորեց հաւատացեալները տօնին առիթով: Յաւարտ սուրբ Պատարագի՝ կատարուեցաւ նաեւ մանուկներու օրհնութեան կարգ:

Նոյն օրը, Ախալցխայի շրջանի Ծուղրութ գիւղի Սբ․Սիոն եկեղեցւոյ մէջ նոյնպէս մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ Պատարագ: Պատարագիչն էր Ախալցխայի եւ յարակից շրջաններու հոգեւոր հովիւ` Արժանապատիւ Տէր Թորգոմ քահանան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին