Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Դէպի Խորհրդարան Ուղիին Վրայ – Նորահաս Սերունդը՝ Մեր Զաւակները

Սիրելի՛ ընթերցող, իբրեւ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի ՌԱԿ-ի կողմէ  առաջադրուած երեք թեկնածուներէն միակ կին թեկնածուն, կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք ներկայ գտնուեցան Շաբաթ, 24 Մարտին հանրային հաւաքին, ուր հռչակուեցաւ մեր ցանկը:

 

Հաւաքին իմ խօսքիս մէջ շեշտեցի երիտասարդ սերունդին հանդէպ մեր յանձնառութիւնները: Երիտասարդ սերունդը մեր զաւակներն են, որոնց պէտք է օգնենք, թիկունք կանգնինք, որպէսզի անոնք ասպարէզ ելլեն եւ նպաստեն լիբանանեան հայրենիքին եւ մեր ընկերութեան  բարգաւաճման:

Լիբանանցի մեծանուն մտածող Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան, ակնարկելով մեր զաւակներուն, դիպուկ կերպով կը նշէ, որ մեր զաւակները մեզի չեն պատկանիր: Թերեւս ան ըսել կ’ուզէ, որ ծնողքը միջոցն է սերունդներու յառաջացման եւ անոնց միջոցաւ կեանքի բարելաւման: Զաւակի պատկանելիութիւնը հեռացնելով հանդերձ ծնողքէն, Ժըպրան զաւակ-ծնողք կապը կը նմանցնէ նետ ու աղեղին, ուր նետը զաւակն է, իսկ աղեղը՝ ծնողքը: Ասով ան կ’ընդգծէ, թէ ճիշդ է, որ նետը կը հեռանայ աղեղէն, բայց կը հեռանայ աղեղին տուած ուղղութեամբ: Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, նետին զօրութիւնը, դիպուկութիւնը ան կ’առնչէ աղեղին ուժգնութեան եւ աղեղը լարողին խոհեմութեան:

Սիրելի՛ քուէարկող, գիտակցելով մեր նորահաս սերունդին հանդէպ մեր հոգածու վերաբերմունքին անհրաժեշտութիւնը, Լիբանանի խորհրդարանէն ներս նորահաս սերունդը նպաստաւորող օրինագիծեր նախաձեռնելով, ամէն ճիգ պիտի ընեմ, որպէսզի մեր նորահաս սերունդին առջեւ ցցուին նուազագոյն խոչընդոտներ, եւ  անոնք միշտ առիթ ունենան լաւապէս դրսեւորելու իրենց նորարար կարողութիւնները, յօգուտ իրենց կայացման եւ իրենց միջավայրին բարձրացման:

 

ԱԼԻՆԱ ԿԻՒԼՎԱՆԷՍԵԱՆ-ՏԱԳԷՍԵԱՆ
Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի ՌԱԿ-ի թեկնածու

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին