Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

«Ֆրանսայի Մէջ Արցախի Օրեր»-ը Կը Շարունակուին Տեսին-Շարփիէօ Քաղաքին Մէջ

Անցեալ շաբաթ Ֆրանսայի Ռոն-Ալփ շրջանի Տեսին-Շարփիէօ քաղաքին մէջ սկսան «Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր»-ու ծիրին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկները: Բացման արարողութեան ներկայ եղան Ֆրանսայի մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Տեսին-Շարփիէօի քաղաքապետ Լորանս Ֆոթրա, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշըպլուան, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան Տանիէլ Ղազարեան, Լիոնի մօտ Հայաստանի փոխհիւպատոս Գայանէ Մանուկեան, Քաղաքային խորհուրդի անդամներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ:

Ձեռնարկները սկսան ֆրանսացի լուսանկարիչ Իվան Թրավերի «Արցախ. երկրի մը ոգին» խորագիրը կրող լուսանկարներու ցուցահանդէսի ներկայացումով:

«Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր»-ու ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ նկարիչ Սիլվեն Սաւոյեայի «Ճանապարհորդութիւն դէպի Արցախ» ջրանկարներու շարքը, Առնօ Խայաճանեանի «Մենք Ենք Մեր Սարերը» վաւերագրական ֆիլմի, Հիւլէ Քէշիշեանի «Արցախը 180 Վայրկեանի Մէջ» ժապաւէններու ցուցադրութիւնները:

Ծրագրուած է ֆրանսահայ մաթեմաթիկոս, պատմաբան Քլոտ-Արմէն Մութաֆեանի «Բացայայտել Արցախը» խորագրեալ դասախօսութիւնը:

Նշենք, որ 25 Սեպտեմբեր 2017-ին բարեկամութեան հռչակագիր ստորագրուած է Արցախի Հանրապետութեան Ճարտար եւ Ֆրանսայի Տեսին-Շարփիէօ քաղաքներուն միջեւ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին