Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Քուէյթի Մէջ ՀՀ Դեսպանութիւնը Մասնակցեցաւ ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ 2-րդ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ Փառատօնին

Քուէյթի քաղաքապետ Մուհամատ ալ Մհաննայի հովանաւորութեամբ եւ IWG-ի կազմակերպութեամբ AL-Shaheed զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցաւ ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ 2-րդ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ Փառատօնը:

Քուէյթի մէջ հաւատարմագրուած շուրջ քսան դեսպանատուներու հետ փառատօնին մասնակցեցաւ նաեւ Քուէյթի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը:

Տարբեր ազգերու մշակութային ժառանգութեան ներկայացման երկու ձեւաչափ որդեգրուած էր: «Խաղաղութեան շրջանակ» խորհրդանշական անունը ունեցող մարգագետնին վրայ տարբեր երկիրներ` գեղեցիկ ու զարդարուն հարեւանութեամբ կը ներկայացնէին իրենց մշակութային ժառանգութենէն պատառիկներ, իսկ բեմին վրայ իրարու կը յաջորդէին ազգային պարարուեստի կամ երգարուեստի նմուշները:

Մշակութային փառատօնին Հայաստանի տաղաւարին մէջ ներկայացուեցան հայ վարպետներու աշխատանքներ, ցուցադրուեցան կտաւներ Տիգրան Մատուլեանէն եւ Ռուբէն Աբովեանէն: Իսկ «Շաքէ» պարախումբի աղջիկները հանդիսատեսին հիացուցին Արա Գէորգեանի «Արցախ» պարի կատարումով:

«Սիրտս անթաքոյց ուրախութիւն կ’ապրէր․Քուէյթի բաց երկինքին տակ, երկնաքերերու հայեացքին տակ կը հնչէ «Արցախ» երաժշտութիւնը, պաստառին` Հայաստանը հրաւիրող ընտիր տեսաերիզն է, մեր աղջիկներու նազանքը նմանը չունի, մեր տաղաւարին մէջ` ՀԱՅԱՍՏԱՆ ցուցանակի ներքոյ մեր անընդգրկելի քաղաքակրթական ժառանգութենէն աննշան, բայց որակեալ պատառիկ մը, ու տասնեակ դրօշներու կողքին մեր երկնուղեշ ԵՌԱԳՈՅՆՆ է:

«Խաղաղութիւնն ու սէրն այլընտրանք չունին․ Ասոնք էին բոլորին միացնող արժէքները»,- Քուէյթէն կը գրէ Լիլիթ Գալստեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին