Քիեւի Ռերիխի անուան հանրային գրադարանին մէջ արդէն մէկ ամիսէ ի վեր կը գործէ հայկական մշակոյթի «Նաւասարդ» թանգարան-սրահը: Պատմականօրէն այնպէս դասաւորուած է, որ գրադարանը երկար ժամանակ համագործակցած է հայ համայնքի հետ, ուստի որոշում ընդունած է հայկական մշակոյթին, գրականութեան ու արուեստին նուիրուած սրահ բանալ:
Ինչպէս կը նշԷ «AnalitikaUA.net»-ը, Քիեւի հայ համայնքի կանանց կոմիտէի եւ գրադարանի ներկայացուցիչներու համատեղ ջանքերով հաւաքուած են մեծ թիւով գիրքեր, նկարներ եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան այլ նմուշներ: Թանգարան-սրահի բացման արարողութիւնը կայացած է Մայրենի լեզուի միջազգային օրը` Փետրուար 21-ին, Ռերիխի անուան գրադարանին մէջ, որ կը գտնուի Քիեւի Երեւանեան 12 հասցէին մէջ, ինչ որ խորհրդանշական է:
Ինչպէս յայտնի է, Ուքրանիոյ հայ համայնքը կազմակերպուածներէն մէկն է: Այժմ Ուքրանիա կ’ապրի բազմահազարանոց հայ համայնք հանրապետութեան բազմաթիւ քաղաքներու մէջ, ուր կան եկեղեցիներ, կը գործեն դպրոցներ, ինչպէս նաեւ հասարակական-մշակութային կազմակերպութիւններ: