ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Հայաստանի գրողներու միութիւնը (ՀԳՄ) սիրով կը հրաւիրեն ձեզ ներկայ գտնուելու գրող, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ, բժիշկ Թորոս Թորանեանի ծննդեան 90-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ Մարտ 27-ին` ժամը 14:00-ին, Հայաստանի գրողներու միութեան մեծ դահլիճին մէջ:
Ձեռնարկին հանդէս պիտի գան Գրողներու միութեան նախագահ, բանաստեղծ Էդուարդ Միլիտոնեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ, գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեան, գրականագէտ, Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան, ՀԳՄ քարտուղար, գրականագէտ Պետրոս Դեմիրճեան, բանաստեղծ Արեւշատ Աւագեան, ինչպէս նաեւ արձակագիրներ՝ Մարգար Շարապխանեան, Սէյրանուհի Գեղամեան, Գրիգոր Ջանիկեան եւ Ալիս Յովհաննիսեան:
Թորոս Թորանեանի բանաստեղծութիւններէն պիտի կարդայ Ամիրան Գալստեան, իսկ երաժշտական համարներով հանդէս պիտի գայ ՀՀ գուսանական եւ ժողովրդական երգի պետական համոյթի մեներգիչ Արսէն Համբարեան:
Մուտքը ազատ է: