Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Նալպանտեան Կարեւոր Համարած է Ֆրանսախօս Երկիրներու Գործարարներու Մշտա Գործող Ցանցին Ստեղծումը

Փարիզի մէջ Մարտ 22-ին տեղի ունեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթաժողովին ծիրէն ներս Հայաստանի մէջ Հոտկեմբեր 10-ին կայանալիք Ֆրանսախօս երկիրներու տնտեսական ժողովի նախապատրաստաման բարձր մակարդակի հանդիպումը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի ԱԳ նախարար, Ֆրանսախօս երկիրներու նախարարական համաժողովի նախագահ Էդուարդ Նալպանտեանը, ՖՄԿ-ի մէջ նախագահող Մատակասքարի արտաքին գործոց նախարար Անրի Ռապարի-Նձական, Ֆրանսախօս երկիրներու գլխաւոր քարտուղար Միքայէլ Ժանը, Ֆրանսայի ձեռնարկութիւններու շարժման (MEDEF) ղեկավար Փիեռ Կադազը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:

Ներկայացնելով տնտեսական ժողովի իրականացման Հայաստանի նախաձեռնութիւնը` Էդուարդ Նալպանտեան նշեց, որ հիմնական նպատակն է ֆրանսախօս երկիրներու գործարարներու առմիշտ գործող ցանցին ստեղծումը: Հայաստանի ԱԳ նախարարին բնորոշումով ստեղծուելիք այդ ցանցին առաքելութիւնն է դառնալ ֆրանսախօս երկիրներու տարածքի ձեռնարկատէրերու, գործարարներու եւ զանոնք միաւորող կազմակերպութիւններու միջեւ հիմնարկային, մասնագիտական կապերու հաստատումը եւ զարգացումը, ձեռնարկատիրութեան համար նպաստաւոր պայմաններու խթանումը, փոխադարձ ներդրումներու խրախուսումը` միտուած Ֆրանսախօս երկիրներու տնտեսական զարգացման: Էդուարդ Նալպանտեան աւելցուց, որ կը ծրագրուի ցանցի թուային հարթակին ձեւաւորումը` իբրեւ շահաւէտ փոխանակումներու եւ դրական փորձառութեան ընդօրինակման շրջանակ:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը՝ իբրեւ նիստի քննարկման թեմաներ առանձնացուց կայուն զարգացման ապահովման միտուած ենթակառուցուածքային ծրագիրներու իրականացումը, ուժանիւթի, ներառեալ վերականգնուող ուժանիւթի, հաղորդակցութեան եւ փոխադրամիջոցային ուղիներու, ջրային միջոցներու կառավարման կատարելագործումը, գիւղատնտեստութեան եւ սնունդի արտադրութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացումը, թուային ու բարձր գիտարուեստներու բնագաւառին մէջ փոխգործակցութեան խթանումը, կանանց եւ երիտասարդներու ձեռնարկատիրական գործունէութեան առաջմղումը եւ մասնագիտական կրթութեան խրախուսումը:

ԱԳՆ ղեկավարը նշեց, որ նիստին մասնակցելու պիտի հրաւիրուին միջազգային եւ տարածաշրջնային տնտեսական կառոյցներու ղեկավարներ, սահմանափակ թիւով անուանի գործարարներ` ողջ ֆրանսախօս երկիրներու աշխարհէն: Նախարար Նալպանտեանը հանդիպման մասնակիցներուն տեղեկացուց, որ տնտեսական ժողովը կը նախատեսուի իրականացնել Հայաստանի գեղատեսիլ վայրերէն՝ Ծաղկաձորի մէջ: Հայաստանի ԱԳ նախարարը նշեց, որ Ֆորումի մասնակից գործարարները պիտի հրաւիրուին Հոկտեմբեր 11-ին Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթաժողովի հանդիսաւոր բացման արարողութեան:

Հանդիպման մասնակիցները հաւանութեան արժանացուցին ֆրանսախօս երկիրներու տնտեսական ժողով կազմակերպելու վերաբերեալ Հայաստանի նախաձեռնութիւնը եւ անոր հետ կապուած առաջարկները` պատրաստակամութիւն յայտնելով ամենայն աջակցութիւն ցուցաբերելու ինչպէս նիստի իրականացման, այնպէս ալ ֆրանսախօս երկիրներու գործարարներու ցանց ստեղծելու աշխատանքներուն մէջ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին