Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Մարիամ Պետրոսեանի Վէպը` 21-րդ Դարու 10 Ամենաընթերցուող Գիրքերու Շարքին

Գրող եւ նկարիչ Մարիամ Պետրոսեանի երեւակայան «Տունը, ուր…» («The Gray House») ռուսալեզու վէպը ընդգրկուած է 21-րդ դարու 10 ամենաընթերցուող գիրքերուշարքին:

Մարիամ Պետրոսեանէն բացի, ցանկին մէջ ընդգրկուած են Ճորճ Մարթինի «Սառոյցի եւ կրակի երգը» վիպաշարը, Սթիվըն Քինկի «11/22/63»-ը, Կրեկորի Տէյվիտ Ռապըրտսի «Շանթարամը», Քորմաք Մաքքարթիի «Ճանապարհը» եւ այլ ստեղծագործութիւններ:

«Մարիամ Պետրոսեան գիրքը սկսած է գրելու դեռ մանկութեան տարիներուն՝ աստիճանաբար ստեղծելով գլխաւոր հերոսները նկարներու եւ տառերու օգնութեամբ: Ձեռագիրի վերջնական տարբերակը պատրաստ էր 1998-ին, իսկ անիկա հրատարակուեցաւ միայն 10 տարի անց: Գիրքը կը նկարագրէ հաշմանդամ երեխաներու կեանքը յատուկ գիշերօթիկ դպրոցի մէջ, որ կը կոչուի` Տուն: Տունը ուղղակի գիշերօթիկ չէ, անիկա առանձին մոլորակ մըն է՝ լի իր գաղտնիքներով ու հանելուկներով»,- կը գրէ Մարիամ Պետրոսեանի վէպի մասին ռուսաստանեան «Fraufluger» հանդէսը:

Ամենաշատ վաճառուող գիրքերու ցանկը կազմուած է՝ ըստ վաճառքի ծաւալներու մասին տուեալներու եւ գրական պարգեւներու:

Մարիամ Պետրոսեան ծնած է Երեւան, աւարտած է Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանը` «Նկարիչ-ձեւաւորող» մասնագիտութեամբ: 1989-ին աշխատանքի ընդունուած է «Հայֆիլմ»-ի մէջ: Երկու տարի աշխատած է Մոսկուա: Վերադարձած է Հայաստան, 1995-2007 թուականներուն աշխատած է «Հայֆիլմ»-ի մէջ:

«Տունը, ուր…»-ը գրողին առաջին գիրքն է, որուն վրայ աշխատած է շուրջ տասնութ տարի` 1991-էն մինչեւ գիրքի հրատարակումը` 2009 թուականը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին