Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակին եւ Երեւանի 2800-ամեակի առիթով կազմակերպուած համահայկական երիտասարդական հաւաքին մասնակցելու կապակցութեամբ Սփիւռքի նախարարութենէն ստացած ենք հետեւեալ կոչը.
«ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը պետական այլ կառոյցներու հետ համատեղ Յուլիս 6-8 կը նախատեսեն իրականացնել Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակման 100 եւ Երեւանի հիմնադրման 2800 ամեակներուն նուիրուած համահայկական երիտասարդական հաւաք:
Համաժողովը պիտի ունենայ առաւելապէս գործնական բնոյթ: Պիտի կազմակերպուին հանդիպումներ եւ քննարկումներ պետական, հասարակական եւ մշակութային յայտնի գործիչներու եւ հոգեւորականներու հետ:
Համաժողովին կրնան մասնակցիլ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի այն երիտասարդները, որոնք ուսանողներ են, երիտասարդական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ:
Հայաստանի մէջ մասնակիցներուն կեցութեան, սնունդի եւ տեղափոխման ծախսերը կը հոգան կազմակերպիչները:
Դարձէ՛ք համահայկական այս նախաձեռնութեան մասնակիցը, եկէ՛ք հայրենիք յոբելեանական այս փառահեղ տարուան մէջ:
Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք հեռաձայնել 060500830 թիւին կամ ուղարկել ձեր հարցումը
panarmenianyouthparliament@gmail.com հասցէին»: