Սիրելի՛ բարեկամներ,
Երկու օր առաջ զաւակս դոկտորականը պաշտպանեց Սկովտիոյ Էտինպրա Համալսարանի Ընկերաբանութեան Բաժնէն:
Ի՞նչ պէտք է մաղթեմ իրեն: Ի՞նչ կը մաղթէ հայր մը ու մայր մը իր աղջկան կամ զաւակին: Վստահաբար նախ կը մաղթեմ, որ Պէյրութ վերադառնայ: Բայց որպէսզի ասիկա իրականանայ, առնուազն կարեւոր է, որ բնական պայմաններու մէջ աշխատանքի առիթներ յառաջացնենք, որպէսզի մեր զաւակները կարենան պատուաբեր կեանք մը ունենալ, կարենան տալ, բարելաւել եւ զարգացնել Լիբանանը: Այո՛, պահպանենք իրենց արժանապատուութիւնը:
Ես Ալինա Կիւլվանէսեանն եմ: Թեկնածու եմ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի հայ առաքելական աթոռին: Աւարտած եմ Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանի Երաժշտագիտութեան Բաժինը եւ երաժշտութեան ու դաշնամուրի ուսուցիչ եմ, Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի կինը եւ Արեգին մայրը:
Մեր ընտանիքը կը պատկանի միջին դասակարգին: Միջին դասակարգը, որ հայրենիքին ողնաշարն է եւ ընկերային ու տնտեսական հաւասարակշռութիւնը կը պահպանէ: Այսօր այս դասակարգը Լիբանանի մէջ վտանգուած է, կը պայքարի, որպէսզի գոյատեւէ, որպէսզի Լիբանանը լաւ մնայ:
Ընտրապայքարս կը սկսի յանուն միջին դասակարգին եւ Լիբանանի ամբողջ ժողովուրդին համար:
Ընտրապայքարս Պէյրութին համար է: Ձեր աջակցութեամբ իմ պայքարս խորհրդարանին մէջ լիբանանցիին արժանապատուութեան պայքարը պիտի ըլլայ: Խորհրդարանին մէջ ընտրապայքարս այլ վերնագիրներ ալ ունի, ինչպէս՝ մշակոյթ, բնապահպանութիւն, ձրի բժշկութիւն, հանգստեան թոշակ, կրթութիւն, կինը: Ընտրապայքարս, մէկ բառով, որ գոհ ապրինք այս հայրենիքին մէջ:
Խորհրդարանին մէջ ես ձեր ձայնը պիտի ըլլամ, յանուն լիբանանցի քաղաքացիին:
Սիրել՛ի լիբանահայեր, գաղտնիք չէ, որ Լիբանանի պատերազմին աւարտէն ի վեր, Լիբանանի հայօճախը, Սփիւռքի ազգային մայրաքաղաքը, որ ոգի կու տար հայութեան, որով կը ջերմանար հայութեամբ ծարաւ ոեւէ անձ, ահա տասնամեակներէ ի վեր կը կքի եւ կը նահանջէ: Բոլորս կը ցաւինք ասոր համար, բայց քիչեր կ’աշխատին, այլապէս ուրիշ արդիւնք կ’ունենայինք: Եթէ կը հաւատաք, որ Պէյրութը պէտք է վերստանձնէ Սփիւռքի մայրաքաղաքի իր դերը, քուէարկեցէք մեզի: Մենք պատասխանատուութեամբ, հաւատքով եւ համոզումով կը ստանձնենք այս սրբազան առաքելութիւնը:
Ես թեկնածու եմ, որովհետեւ մենք պատասխանատուութիւն ունինք նորահաս սերունդներուն հանդէպ: Սերունդներ, որոնք գիտեն զանազանել, գիտե՛ն՝ ի՛նչ կ’ուզեն, գիտեն պահանջել, ճշմարտութիւնը պահանջել: Սերունդներ որոնք տեղի չեն տար: Մեր պարտականութիւնն է, որ անոնց տանք իրենց արժանին: Յարգե՛նք զիրենք:
Ոչ թէ իրենց փոխարէն մտածենք, այլ իրենց մասին մտածենք, սերունդներուն հետ մտածենք:
Հպարտ եմ, որ թեկնածու եմ «Պէյրութ Առաջինը» ընտրացանկէն: Ձեր ձայներով կը հասնիմ՝ առաջին պահելու համար Պէյրութը: