Սիրելի՛ ընթերցող, իբրեւ ՌԱԿ-ի կողմէ առաջադրուած երեք թեկնածուներէն, Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի միակ կին թեկնածուն, այսուհետեւ եւ մինչեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ժամկէտը, «Զարթօնք»-ի էջերէն պիտի ներկայացնեմ ընկերային–հասարակական մտորումներս, որոնք կը հանդիսանան ընտրական իմ ծրագրիս հիմքը: Միշտ ալ մտածած եմ ընկերային հարցերու մասին եւ ատոր համար ալ լծուած եմ կրթա–դաստիարակչական առաքելութեան, նաեւ հիմնած եմ ABC Book Club-ը: Երեսփոխանական թեկնածութիւնս առիթ կու տայ այլապէս ալ բարձրաձայնելու ընկերային հարցերու շուրջ ունեցած մտահոգութիւններս եւ ձեր քուէներով յաջողելէ ետք լուծում գտնելու անոնց:
Անցնող օրերուն լիբանանցիք տօնեցին մայրութեան տօնը: Մարդկային ընկերութեան կէսէն աւելին կը գոյացնէ իգական սեռը:
Կենսաբանականօրէն մարդկային հաւաքականութիւն չի գոյանար առանց իգական սեռին, առանց մօր: Բարոյական չափանիշներ չեն ծլիր, մարդկային զգացական յարաբերութիւններ չեն յառաջանար, ընտանիք չի ծնիր առանց մօր, դաստիարակութիւնը մեծապէս կը տուժէ առանց մօր:
Մայրն է գլխաւոր պահապանը եւ փոխանցողը աւանդներուն, ազգային արժէքներուն, ապրումներուն, լեզուին, մարդկայնական եւ հոգեւոր մշակոյթին:
Հայոց պատմութեան իւրաքանչիւր դրուագ կը յատկանշուի հայ կնոջ թիկունքային կամ յառաջապահ մասնակցութեամբ:
Այսօր երբ ընտանիքը կը դիմագրաւէ այլեւայլ մարտահրաւէրներ, էական է, որ վերասահմանուի հայ կնոջ դերը: Այսօր ընտանիք գոյացնելու, տունը բարեկեցիկ պահելու նուիրումին աջակից պարտի ըլլալ հայ կինը՝ ստանձնելով աւելի վճռական դերեր եւ պարտականութիւններ:
Այս նոր դերաբաշխումին հաւասարապէս պիտի մասնակցին հայ մարդն ու կինը, ուր կինը դրսեւորէ ինքզինք իբրեւ կարող, ատակ եւ պատրաստակամ անձ, որ կը ձգտի իր վճռորոշ նպաստը բերել հայ ընտանիքին եւ հաւաքականութեան վերելքին:
Հայ կնոջ գործօն մասնակցութեամբ հայ ընտանիքն ու հաւաքականութիւնը կը դառնան առողջ, հաւասարակշռուած, արդիւնաւէտ, հեռանկարային:
Սիրելի՛ հայ կիներ, մարդկութեան այս գեղեցիկ տօնին առթիւ եկէ՛ք վերաքննենք մեր պարտականութիւններն ու դերերը եւ պիտի տեսնենք, որ մենք շատ աւելին կրնանք ընել եւ պէտք է ընենք:
ԱԼԻՆԱ ԿԻՒԼՎԱՆԷՍԵԱՆ–ՏԱԳԷՍԵԱՆ
Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի ՌԱԿ-ի թեկնածու