Ո՜վ լիբանանցիներ,
Ո՜վ Պէյրութի քաղաքացիներ, Էշրեֆիէի, Ռմէյլի, Մըտաուուարի եւ Սայֆիի զաւակներ,
Վերջապէս կը հանդիպինք այսօր, ընտրական երկար բացակայութենէ ետք:
Կը հանդիպինք, ո՛չ թէ խոստանալու համար, այլ անկեղծօրէն արտայայտուելու համար:
Կը հանդիպինք հնչեցնելու համար ահազանգը:
Երիտասարդներու արտագաղթը հասած է վտանգաւոր սահմաններու: Շատ մը քաղաքական գործիչներ կը տեսնեն այս իրողութիւնը, սակայն ջայլամի նման իրենց գլուխները կը պահեն միջնորդութիւններու եւ գործարքներու հողին տակ:
Եթէ հաւատանք տուեալներուն, Լիբանանի բնակչութեան մէկ երրորդը, մեծամասնութեամբ երիտասարդներ, կը տառապին անգործութենէ: Եւ անգործութիւն կը նշանակէ օգնութեան պահանջք եւ աղքատութիւն:
Այս բոլորը կը նշանակեն երիտասարդը դնել երկու կարելիութեան առջեւ՝
Ձգել երկիրը, թակել դեսպանատուներու դռները եւ արտագաղթել, կամ՝ դառնալ քաղաքագէտի մը կամ ղեկավարի մը մանկլաւիկը: Այս մէկը բնաւ չենք գտներ Էշրեֆիէի ազնուական ժողովուրդին մշակոյթին մէջ:
Լիբանանի երիտասարդներուն չէր բաւեր պետութեան թոյլ քաղաքականութիւնը գործատեղեր ստեղծելու եւ բնակութիւն ապահովելու համար, վրայ հասաւ դրացի երկիրներուն տագնապը եւ միլիոնաւոր մարդիկ սկսան պայքարիլ լիբանանցիին գործատեղերուն համար, գոհահանով աւելի աժան աշխատավարձով։
Ո՜վ Պէյրութի քաղաքացիներ,
Այս իրողութեան դիմաց, պէտք է քիչ խօսինք եւ յաջորդ կառավարութիւնը Խորհրդարանին ճնշումով պէտք է կատարէ հետեւեալները.
– Պէտք է գործադրել Աշխատանքի օրէնքը եւ պատժել բոլոր չգործադրողները:
– Օտարներու աշխատանքը սահմանափակել կարգ մը հատուածներու մէջ եւ սահմանափակ թիւով:
– Օժանդակել փոքր եւ միջին չափի ընկերութիւններուն, անոնց տալով դիւրութիւններ, կարենալ դիմագրաւելու համար տնտեսական դժուարութիւնները:
– Կազմակերպել սուրիացի գաղթականներու վերադարձը իրենց երկրի ապահով շրջանները, որովհետեւ լիբանանցի երիտասարդին խայտառակութիւնը անցաւ ամէն սահման:
Լիբանանը լիբանանցիներուն է եւ դուք Էշրեֆիէի, Ռմէյլի, Մըտաուուարի եւ Սայֆիի զաւակներ, ձեր դիմադրութեամբ պահեցիք Պէյրութի դիմագիծը: Ժամն է, որ ձեր վստահութիւնը շնորհէք Պէյրութ Առաջին ցանկին, որ կը ներկայացնէ ձեր ցանկութիւնները եւ ակնկալութիւնները դէպի լուսաւոր ապագայ եւ Հայրենիք մը, որ ձեզի վայել է:
Կեցցէ՛ք եւ կեցցէ՛ Լիբանանը։