Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

Դէպի Խորհրդարան Ուղղիին Վրայ – Ժամանակն Է Որ Իւրաքանչիւր Հայորդի Ազատ Ու Անվախ Քուէարկէ

Նուազ քան 2 ամիս հեռաւորութեսն վրայ կը գտնուինք երեսփոխանական ընտրութիւններէն, որուն երկար ատենէ կը սպասէինք։

Ինչպէս արդէն յայտնի է, պատկանած կուսակցութիւնս` ՌԱԿ-ը, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութիւնը որոշած են միասնաբար մտնել ընտրապայքարը հետեւեալ հիմքերով.

ՌԱԿ-ը եւ Լիբանանեան Ուժերը պատահական համաձայնութեան մը բերումով չէ որ քով-քովի եկան, ո՛չ ալ ժամանակաւոր շահերու շուրջ կը դառնար իրենց պայմանաւորուածութիւնը։ Իրենց գործակցութեան որոշումին սկզբնաղբիւրը ռազմավարական ակունքներ ունի, որոնցմէ կարեւորագոյնը` յարատեւ պայքարի սկզբունքն է յօգուտ հայրենիքին։

Երբ այս երկու կուսակցութիւնները ընտրական եւ քաղաքական դաշինք մը կնքեցին, կարգ մը գրիչներ սկսան ամբաստանել ՌԱԿ-ը, թէ ան շեղած է իր պատմական ուղեգիծէն ու միացած է Լիբանանեան Ուժերուն։ Այս տողերով կ’ուզեմ այդ գրչակներուն եւ լեզուներուն յիշեցնել, թէ այն ինչ որ գոյութիւն ունի Լիբանանեան Ուժերու եւ ՌԱԿ-ի միջեւ ազատութեան ձգտող պայքարի ոգին է եւ աւելին` լիբանանեան պատմութեան մէջ 14 Մարտ 2005-ի խորհուրդն է, որ առկայ է մինչեւ օրս։

Երկու կուսակցութիւններուն մօտ կայ վճռակամութիւնը միեւնոյն սկզբունքով շարունակելու ճամբան. այն ճամբան, որուն վրայ նահատակուեցան Լիբանանի նուիրեալ շատ մը քաղաքական գործիչներ ու մտաւորականներ։

Ինչ կը վերաբերի մեր հասարակաց ռազմավարութեան սկզբունքներուն, անոնք՝ աւելի քան պարզ են.- Պետութիւնը ընդունիլ որպէս գերադաս արժէք եւ բացարձակապէս մերժել պետութեան մէջ այլ պետութեան մը գոյութիւնը։

Ան որ կը կարծէ, թէ 14 Մարտը, կամ այն ինչ որ ան կը նշանակէ, տկարացած է կամ գոյութենէ դադրած, ապա չարաչար կը սխալի։

14 Մարտը Լիբանանի ազատ եւ անկախ ու անոր գերիշխանութեան ձգտող ժողովուրդն է իր բոլոր բաղկացուցիչ տարրերով։

Մենք այս խորհրդանիշի` Մարտ 14-ի ազատատենչ սկզբունքներու ռահվիրաներն ենք։ Ճիշդ այս պատճառով է, որ իբրեւ նշանաբան մենք ընտրեցինք «Քուէարկէ Ազատութեամբ» կարգախօսը։

Այս նշանաբանը լոզունք մը չէ, այլ յստակ կոչ մըն է իւրաքանչիւր հայորդիին՝ Մայիս 6-ին քուէարկելու իր ազատ կամքով՝ հեռու ամէն տեսակի ճնշումներէ։

ԱՐԱ ԳՈՅՈՒՆԵԱՆ
Մեթն ընտրաշրջանի ՌԱԿ-ի թեկնածու

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին