ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Ցաւով, նաեւ ափսոսանքով կարդացի պարոն Վահրամ Էմմիեանի «Ո՛չ, Պարոն Ռիաշի, Ո՛չ» խորագրով նշմարը, որ տեղ գտած էր պաշտօնակից «Ազդակ»-ի երէկուան թիւին մէջ (տես՝ «Ազդակ», Հինգշաբթի 22 Մարտ 2018, էջ 3):
Հիմնուելով խօսքի ազատութեան մեր դաւանանքին վրայ եւ ամենայն առարկայականութեամբ համաձայն գտնուելով հանդերձ մեզի դաշնակից յարգելի նախարարին ըրած իր քննադատութեան՝ կ’ուզեմ հետեւեալ կէտերը յարգելի յօդուածագիրին եւ զինք հովանաւորողներուն ուշադրութեան յանձնել.
- Կրնամ ամենայն պատասխանատուութեամբ հաստատել, որ նախարարին նշեալ կատակը յանպատրաստից էր, անմեղ եւ անցողակի, եթէ զայն քննադատողը չ’օգտագործէր, ըստ երեւոյթին, յետին նպատակներով որուն մասին գալիք կէտերուն մէջ պիտի փորձեմ անդրադառնալ:
- Նախարարը քննադատելէ առաջ կ’արժէ անգամ մըն ալ մտածել այդ հին-նոր կատակին տակաւին տուն տուող պատճառներուն մասին արդար ներհայեցութեամբ մը (introspection): Արդեօք մենք չե՞նք անոր պատճառը, երբ մինչ յօդուածագիրը ժամանակավրէպ կը նկատէ զայն, մենք կը շարունակենք բեմերէն բոլորին յիշեցնել (ականջը խօսի ըմ Ժորժէթին) հայերուս վերագրուող այդ պնդատիպը (stereotype) անհասկնալի եւ աժան՝ ինքնապարտուողական (self-defeating) կատակի ոճով խնդուք, ծափահարութիւն եւ նաեւ գումարներ խլելով հանդիսատեսներէն արաբական եւ ո՛չ միայն արաբական բեմերէ (ներառեալ մեր պաշտօնակից թերթը հովանաւորող կազմակերպութեան հովանաւորած մէկ այլ հաստատութեան բեմէն): Նոյնն է պարագան նոյն կազմակերպութեան հովանաւորութիւնը ունեցող ռատիոկայանին, որուն գովազդներուն մէջ բաւական տեղ կը գրաւէ վերի կարծրատիպը աւելի եւս հաստատող ու տարածող դերասանին ձայնով ու «արաբերէնով» ձայնագրուած ծանուցումները…: Ինչպէ՞ս հասկնալ այս երեւոյթը ուր մինչ կը հանդուրժենք մին, կը քննադատենք միւսը: Դուն ըսէ յարգելի պարոն էմմիյեան: Կեղծի՞ք (hypocricy) է սա, թէ երկու չափ երկու կշիռ:
- Ամէն պարագայի համաձայն չեմ այն կարծիքին հետ, որ արաբերէնին լաւ չտիրապետելու երեւոյթը կը պատկանի երէց սերունդին միայն ու ժամանակավրէպ է, պարզ այն պատճառով, որ այսօր հայկական վարժարաններէ (ներառեալ տուեալ կազմակերպութեան հովանաւորութիւնը վայելող վարժարանները) շրջանաւարտ եղող հայ տղաք ալ կը ճանչնամ… աղջիկներ ալ…:
- Որքա՜ն նպատակայարմար է այս առիթը օգտագործել սլաքներ ուղղելու ՌԱԿ-ին: Չէ՞ որ յօդուածագիրին ակնարկած «տարբեր պլոքներու «հայկականացում»-ի» գաղափարը մեր թերթին մէկ խմբագրականին մէջ նշուած էր, ճիշդ այն խմբագրականին, որ նախաձեռնած էր կոչ ուղղել հանդուրժողականութեամբ վարելու ժամանակաւոր ընտրապայքարը եւ զայն չծառայեցնելու տեւական սպի ձգելու հակամէտ անտեղի եւ անքաղաքակիրթ ներհայկական պայքարի մը, որ մեզի բնաւ պէտք չէ:
- Մեթնի ընտրաշրջանի ՌԱԿ-ի թեկնածուն ակնարկուած նոյն ձեռնարկին օրը իր խօսքին մէջ վեհանձնութեամբ յիշեց իր մրցակից թեկնածուին յաջողութեան պարագային առաջինը շնորհաւորելու իր պատրաստակամութիւնը: Ինչո՞ւ նոյն քաղաքակիրթ ոգիով նշմարներ չգրել՝ փոխանակ նշեալ ակնարկով անտեղի սլաքներ ուղղելու մեզի:
Սիրելի՛ պարոն Էմմիեան: Ո՛չ, հազար անգամ ո՛չ նման աժան ամբոխավարութեան, եթէ նպատակը ա՛յդ է:
Ժամանակն է այլեւս ընտրութիւններու երթալու եւ ընտրապայքարը մղելու վեհօրէն: Հայօրէն: