Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

ՀՀ Նորընտիր Նախագահ Արմէն Սարգսեան Կը Հանդիպի Սիլիքոն Հովիտի Հայ Գործարարներուն Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեան Սիլիքոն հովիտի մէջ հանդիպում ունեցաւ տեղեկատուական եւ բարձր արհեստագիտութեանց ոլորտի աւելի քան 100 գործարարներու եւ մասնագէտներու հետ:

«Ասպարէզ»-ի տեղեկութիւններով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ոլորտի զարգացման միտումներն ու մարտահրաւէրները:

Արմէն Սարգսեան, ներկայացնելով տեղեկատուական այս ոլորտին մէջ Հայաստանի մեծ յաջողութիւնները, նշեց. «Ոլորտը շատ արագ կը զարգանայ ու կը փոխուի, հետեւաբար մենք պէտք է ձգտինք կատարելագործման ու աւելի մրցունակ դառնանք»: Ըստ անոր՝ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի հսկայական ներուժ, որուն ճիշդ ուղղորդումը կը նպաստէ երկրի տնտեսական զարգացման, միջազգային համագործակցութեան ընդլայնման ու ներդրումներու ներգրաւման:

Արմէն Սարգսեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի զարգացման հեռանկարներուն մասին եւ ներկայացուց երկրի ապագայի իր տեսլականը:

Նորընտիր նախագահը այցելեց նաեւ «Սինոփսիս» ընկերութեան կեդրոնը եւ ծանօթացաւ անոր գործունէութեան ու արձանագրած յաջողութիւններուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին