Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Մարտ 21-ին Անթիլիասի մէջ հանդիպում ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ կաթողիկոսութեան հոգեւոր դասի բարձրաստիճան խումբ մը ներկայացուցիչներու հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են հայրենիք-սփիւռք, եկեղեցի-հասարակութիւն փոխյարաբերութիւններուն, Արցախի ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող տարբեր հարցեր:
Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է Արամ Ա. կաթողիկոսին Արցախին մշտապէս սատարելու համար` կարեւոր համարելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դերը Սփիւռքի մէջ հայ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման գործին մէջ: