Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Ֆրանսախօս Երկիրներու Խորհրդարանական Վեհաժողովի Պատուիրակութիւնը Այցելած է «Ծիծեռնակաբերդ»-ի Յուշահամալիր

Մարտ 20-ին Ֆրանսախօս երկիրներու Խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական հարցերու կոմիտէի պատուիրակութիւնը այցելած է «Ծիծեռնակաբերդ»-ի յուշահամալիր: Այս մասին կը հաղորդէ «News.am»-ը։

Պատուիրակութիւնը կը ղեկավարէ Ֆրանսայէն Քրիսթոֆ Անտրէ Ֆրասան: Պատուիրակութեան կազմին մէջ են Ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդարանական վեհաժողովի անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներ: Պատուիրակութեան ուղեկցած է ԱԺ հանրապետական պատգամաւոր Մարգարիտ Եսայեանը։

Պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ դրած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին եւ անմար կրակին մօտ, զոհերու յիշատակը յարգած են յոտնկայս լռութեամբ: Հիւրերը ծանօթացած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ցուցադրանմուշներուն` գրութիւն ձգելով Յուշամատեանին մէջ:

«Ես թանգարանէն ստացած մեծ տպաւորութեան ներքոյ եմ: Այստեղ ցուցադրուած է ժողովուրդի սարսափելի պատմութիւնը, որ այս ամէնը վերապրած է: Եւ ասիկա 20-րդ դարու առաջին տրաման է»,- լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Ֆրասա Քրիսթոֆ-Անտրէն:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին