Մարտ 19-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան իրականացուց խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցեցան նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները:
Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին կատարուած աշխատանքները, զեկուցեցին նախարարութեան ծրագիրներուն բոլոր տարածաշրջաններէն երիտասարդներու ներգրաւման արդիւնքներուն մասին:
Նախարարը կարեւոր համարեց յառաջիկայ ձեռնարկներու պատշաճ կազմակերպումն ու լայն լուսաբանումը, ինչպէս նաեւ` ամէնօրեայ աշխատանքը «Արի տուն», «Սփիւռք» ամառնային դպրոց» ծրագիրներու, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի, Երիտասարդական ֆորումի, Լրագրողներու, Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական համաժողովներու իրականացման ուղղութեամբ: