Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Դրուագներ Անձնական Փորձառութենէս Երրորդ Մաս

*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Պաղեստինցի Գաղթականի մը Ոդիսականը . . .

Ծնած եմ Երուսաղէմ, սակայն վեց տարեկանիս, արաբ-իսրայէլեան պատերազմէն փախուստ տալով, ընտանեօք փոխադրուած ենք Հալէպ եւ ապաստան գտած մօրս ծնողներուն մօտ։

Թէեւ մայրս սուրիահպատակ էր, սակայն ամուսնանալով դարձած էր Պաղեստինցի։ Ուրեմն Հալէպի մէջ մենք որակուեցանք որպէս Պաղեստինցի գաղթականներ։ Առ այդ կրնայինք աշխատիլ, սակայն քուէարկութեան չէինք կրնար մասնակցիլ։ Իսկ երկրէն դուրս ճամբորդելու համար մեզ թոյլատրուած էր ճամբորդել միայն արաբական երկիրներ եւ վե՛րջ։

Կրթասիրաց նախակրթական վարժարանը աւարտելէ ետք հայրս ուզեց, որ երկրորդական ուսումս շարունակեմ ամերիկեան Հալէպ Գոլէճին (Aleppo College) մէջ։ Բաւական հայ ուսանողներ կային հոն եւ նոյնիսկ մի քանի հայ ուսուցիչներ։ Ուրախ էի, եւ ամէն ինչ լաւ կ’ընթանար, երբ օրին մէկը դէմ-հանդիման գտնուեցայ շատ անախորժ դէպքի մը, որ զիս բոլորովին հիասթափեցուց։

Ուրեմն մի քանի բարձրագոյն դասարաններու ուսանողները որոշեցին Զատկուան արձակուրդը անցընել իրենց դաստիարակներուն հետ միատեղ, Պէյրութի մէջ։ Թիւով հարիւր հոգի դիմեցինք պետութեան՝ պէտք եղած հրամանագիրը ապահովելու համար։

Այդ ցանկէն 98-ին արտօնութիւն տրուեցաւ։ Բացառուեցանք ես եւ ուրիշ Պաղեստինցի գաղթական ուսանող մը, որովհետեւ սուրիահպատակ չէինք։ Մեզ որակեցին օտարահպատակ… Ակամայ ընդունեցինք մեզի վիճակուող դատավճիռը եւ հաշտուեցանք մեր ճակատագրին հետ, մինչեւ որ ուրիշ դէպք մը դարձեալ խախտեց մեր ըմբռնումը պետական գործելակերպին նկատմամբ։

Այդ ժամանակ, Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունէր զինուորական պարտադիր ծառայութիւն։ Սուրիահպատակ մը երբ 18-ը թեւակոխէր, պէտք էր զինուորագրուէր եւ բանակին ծառայէր մէկ ու կէս տարի։ Կը բացառուէին անոնք, որոնք ընտանիքին մէկ հատիկ մանչ զաւակն էին,  կ’ուսանէին եւ կամ ալ հօր մահուան պատճառաւ աշխատելով՝ ընտանիքին ապրուստը կը հոգային։

Ես ալ երբ 18-ը թեւակոխեցի, հրաւիրուեցայ ծառայելու Սուրիական բանակին։ Երբ առակեցի, թէ ես օտարահպատակ եմ, խնդացին՝ ըսելով, որ ես սուրիացիի մը բոլոր իրաւունքները կը վայելեմ։ Ա՛ռ քեզի «երկու չափ, երկու կշիռ»-ի (double standard) իրական պատկերը, ուր միշտ պետութիւնն է գերակշռող կողմը . . .

Թէեւ որպէս ուսանող՝ ես կարողացայ յետաձգել  զինուորական պարտադիր ծառայութիւնս, սակայն համոզուեցայ, որ Սուրիայէն պէտք էր վերջնականապէս հեռանայի՝ ուշ կամ կանուխ:  

Զրպարտութեամբ եւ Մասամբ Նորին . . .

1964-ին գացի Պէյրութ համալսարանական ուսումս շարունակելու Հայկազեան Գոլէճին (այժմ՝ համալսարան) մէջ։ Որպէս Պաղեստինցի գաղթական՝ Հալէպէն Պէյրութ երթալու համար պէտք էր երկու արտօնագիր ունենայի, մին՝ Սուրիայէն դուրս ելլելու համար եւ միւսը՝ Լիբանան մուտք գործելու համար։

Ինչ որ է, Պսակաւոր Արուեստից տիտղոս ստանալէ ետք 1966-ին վերադարձայ Հալէպ եւ նշանակուեցայ տնօրէն, Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ վարժարանին։ Աշակերտութեան թիւը՝ մանկապարտէզ եւ նախակրթարան, 300-ի մօտ էր, իսկ ուսուցչական կազմը կը բաղկանար 12 անձերէ։

Առաջին տարիս՝ որպէս տնօրէն, շատ հեզասահ ընթացաւ, իսկ երկրորդ տարին փոթորկալից անցաւ, կարգ մը պատճառներով։ Նախ որ այդ տարուան ընթացքին պայթեցաւ Արաբ-Իսրայէլ պատերազմը, որուն հետեւանքով Իսրայէլ գրաւեց Պաղեստինի Արեւմտեան Ափը (West Bank): Երկրորդ՝ սուրիական կառավարութիւնը պետականացուց ազգային վարժարանները եւ իւրաքանչիւրին նշանակեց պետական տնօրէն, որպէսզի գործադրէ կրթական նախարարութեան ուսումնական ծրագիրը։

Ըստ այդ ուսումնական ծրագիրին՝ մեզի արտօնուած էր օրական մէկ պահ հայերէն լեզուի դասաւանդութիւն եւ շաբաթական երկու պահ կրօնի ու երեք պահ անգլերէն լեզուի դասաւանդութիւն։ Մնացեալ բոլոր նիւթերը պէտք է դասաւանդուէին արաբերէն լեզուվ եւ վե՛րջ։

Ազգային վարժարաններու տնօրէնները դարձան արտօնատէրերու ներկայացուցիչները՝ մատակարարելու դպրոցներու հաշուեկշիռը, որովհետեւ պետութիւնը նիւթական ոչ մէկ յանձնառութիւն չառաւ։ Մէկ խօսքով, ստեղծուցաւ անել կացութիւն մը՝ «երկու» տնօրէններու պատասխանատուութեանց եւ անոնց փոխյարաբերութեանց միջեւ…

Մեր դպրոցին վիճակուեցաւ քրիստոնեայ կին տնօրէնուհի մը, որ հաւատարմութեան խոստումներով ներս մտաւ եւ շատ ժամանակ չանցած փոխեց իր դիրքը՝ դառնալու մանկլաւիկը կրթական նախարարութեան։ Զիս կը ստիպէր արաբերէնով խօսիլ աշակերտներուն հետ եւ այլն։ Նոյնիսկ իրեն տրուած ամսական նիւթական գնահատումը զինք չկասեցուց՝ գործադրելու իր նենգամտութիւնը:

Եւ ահա 1968-69 դպրոցական տարեշրջանի սկիզբը, որ պիտի դառնար պաշտօնավարութեանս երրորդ տարին, զինուորական երկրորդ գրասենեակէն հրամանագիր մը ստացայ՝ դպրոցէն անմիջապէս հեռանալու։ Ոչ մէկ պատճառաբանութիւն չէր ներկայացուած հոն։ Դպրոցի հոգաբարձութիւնը խորհուրդ տուաւ ներկայանալ վերոյիշեալ գրասենեակը՝ գիտնալու համար, թէ ի՛նչպէս կրնանք փրկել կացութիւնը։

Պարզուեցաւ, որ ամբաստանուած եմ ծայրայեղ ազգայնամոլ դիրքորոշումիս համար։ Թէ պետական դրօշակը չեմ յարգած, աշակերտներուն հետ արաբերէն չեմ խօսած եւ այլն։ Անշուշտ չյայտնեցին ամբաստանող անունը, սակայն դժուար չէր կռահելը: Իսկ անպարտ արձակուելու համար պէտք էր խոստովանագիր մը գրէի եւ գործած յանցանքներուս համար ներողութիւն խնդրէի…

Բնականաբար մերժեցի, որովհետեւ լոկ զրպարտութիւն էր, սակայն պետութեան համար նպաստաւոր էր, որ այսպիսով ձերբազատուէին հայասէր տնօրէնէ մը։ 

Այդ տարին բոլորեցի՝ աշխատելով Համայնքապետ Վեր. Յովհաննէս Գարճեանի ցուցմունքներով, Հայ Աւետ. Էմմանուէլ Եկեղեցւոյ գրասենեակէն։ Իսկ յաջորդ տարին հրաժարեցայ եւ գացի Պէյրութ՝ համալսարանական ուսումս շարունակելու Ամերիկեան համալսարանին մէջ։ Այս պարագային չարիքը ծնունդ տուաւ բարիքի եւ մէյ մըն ալ չվերադարձայ Հալէպ։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին