Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Գագաթաժողովի Ընթացքին Նախատեսած Ենք Կեանքի Կոչել Բազմաթիւ Նախաձեռնութիւններ. Նալպանտեան

«Ֆրանսախօս երկիրներու երեւանեան գագաթաժողովը պիտի անցնի «Ապրիլ միասին» խորագիրին ներքոյ` «Ապրիլ միասին` յարգելով համերաշխութիւնը, մարդասիրական արժէքներն ու բազմազանութիւնը` իբրեւ խաղաղութեան եւ բարօրութեան հիմք ֆրանսախօս երկիրներու տարածաշրջանին մէջ»:

Ըստ «artsakhpress.am»-ի՝ այս մասին յայտարարած է ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան` ելոյթ ունենալով ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական հարցերու յանձնաժողովի նիստին:

Նախարարը նշած է, որ «Ապրիլ միասին» թեման ընտրուած է` հաշուի առնելով ֆրանսախօս երկիրներու ծիրէն ներս, նոյնիսկ միջազգային մակարդակի վրայ առկայ իրողութիւնները:

«Մենք համոզուած ենք, որ «Ապրելով միասին»` յարգելով այն մարդասիրական արժէքները, որ մենք կը կիսենք, հնարաւոր է նպաստելու մեր հասարակութիւններու միասնութեան առաւել ամրապնդման եւ ֆրանսախօս երկիրներու տարածքին վրայ խաղաղութեան եւ բարօրութեան: «Ապրիլ միասին» հասկացութիւնը քաջ ծանօթ է հայ ժողովուրդին` աշխարհի աւելի քան հարիւր երկրի մէջ աշխարհասփիւռ հայութիւնը կրցած է լիովին ընդելուզուիլ իրենց հիւրընկալած երկիրներու հասարակութիւններուն մէջ` միեւնոյն ժամանակ պահպանելով իրենց ազգային ինքնութիւնը եւ ընդգծելով միասին ապրելու ունակութեան կարեւորութիւնը` փոխադարձ յարգանքի, ներդաշնակութեան, համերաշխութեան, բազմազանութեան ոգիով»,- ըսած է Նալպանտեան:

Անոր խօսքով, հայկական կողմը կ’ակնկալէ նաեւ աշխատիլ «Ապրիլ միասին» խորագիրը կրող Ֆրանսախօս երկիրներու նոր հիմնարար փաստաթուղթ մը ստեղծելու ուղղութեամբ, ուր կրնան համապարփակ կերպով ամրագրուիլ «Ապրիլ միասին» տեսլականի սկզբունքներն ու արժէքները` մարդու իրաւունքները, ժողովրդավարութիւնը, կանանց եւ տղամարդոց իրաւահաւասարութիւնը, միջմշակութային եւ միջկրօնական երկխօսութիւնը, ահաբեկչութիւնը սնող արմատականացման եւ բռնի ծայրայեղականութեան, այլատեացութեան, ատելութիւն սերմանող գաղափարախօսութեան, անհանդուրժողականութեան եւ խտրականութեան բոլոր ձեւերու դէմ պայքարը:

«Գագաթաժողովին կարեւոր քայլերէն մէկը, որ մտադիր ենք կազմակերպելու, Ֆրանսախօս երկիրներու տնտեսական ժողովն է: Մենք մեծ կարեւորութիւն կու տանք ֆրանսախօս երկիրներու ձեռնարկութիւններուն եւ մասնագիտական, հիմնարկային ցանցերու համախմբման տնտեսական կապերը խթանելու եւ գործարար միջավայրը բարելաւելու տեսանկիւնէն: Մեր նպատակն է գագաթաժողովին ժամանակ հիմնել ֆրանսախօս երկիրներու գործարարներու ցանց:

Ուզելով Երեւանի գագաթաժողովին հաղորդել հարուստ եւ բազմաշերտ բովանդակութիւն` գագաթաժողովին ընթացքին նախատեսած ենք կեանքի կոչել բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ: Մենք կ’ուզենք, որ լայնածաւալ ձեռնարկներու միջոցով այս հանդիպումը դառնայ համակեցութեան եւ համախմբման իւրօրինակ տօն, որուն կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ ֆրանսախօս աշխարհահռչակ արուեստագէտներու մասնակցութեամբ, Հոկտեմբեր 11-ին, կայանալիք կալա համերգը»,- նշած է ԱԳ նախարարը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին