Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ կարգաւորումը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան առաջնահերթ խնդիրն է: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին ըսած է ՀՀ նախագահ, Զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան Մարտ 19-ին Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ ԶՈՒ ղեկավար կազմի գործնական հաւաքի մասնակիցներուն հետ հանդիպման ժամանակ` աւելցնելով, որ Հայաստանի դիրքորոշումը անփոփոխ է:
«Ատոր մասին վերջերս բազմաթիւ առիթներ ունեցած եմ խօսելու տարբեր, նաեւ ամենաբարձր միջազգային ամպիոններէ: Ըսածներս կրկնելու իմաստը չեմ տեսներ: Միեւնոյն ժամանակ բանակցութիւններու յառաջընթացի մասին դրական լուրով ձեզի հետ կիսուիլ, ցաւօք, չեմ կրնար: Մէկ բան ակնյայտ է` մենք պիտի շարունակենք բանակցութիւնները եւ մեր գործընկերային շփումները ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հետ, քանի որ անոնք լիազօրուած են միջազգային հանրութեան կողմէ ՝ միջնորդ ըլլալու հակամարտող կողմերու միջեւ եւ օժանդակելու հարցի խաղաղ հանգուցալուծման մշակման:
Բայց եւ այնպէս, հիմնական պատասխանատուութիւնը հակամարտող կողմերու վրայ է, եւ մենք մեր բաժինը միշտ լաւ գիտակցած ենք»,- ըսած է Սերժ Սարգսեան` նշելով, որ նոյն այդ պատճառով ալ հայկական բանակը եղած է, կայ եւ պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի կարգաւորման հիմնական գործօնը:
Ան նշած է, որ Պաքուէն անընդհատ հեղեղուող սպառնալիքներու պարագային զինուած ուժերը մեր յենարանն ու կռուանն են: «2016 թուականի ապրիլեան գործողութիւնները հակառակորդին կողմէ ուժերու յարաբերակցութիւնը ստուգելու խոշոր փորձ էր: Անոնք, ի հարկէ, այդ փորձը տանուլ տուին: Առկայ պայմաններու մէջ մեր խնդիրն է պահպանել դիրքաւորման շրջագիծը: Աւելին, մենք պէտք է հետեւողական աշխատինք եւ միշտ պատրաստ ըլլանք հակադարձելու՝ ուժերու հաւասարակշռութիւնը խախտելու հակառակորդին բոլոր խոշոր եւ մանր փորձերուն: Մենք բազմիցս ցոյց տուած ենք հակառակորդին եւ պէտք եղած պարագային կրկին ցոյց կու տանք ռազմական ճանապարհով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը լուծելու անհեռանկարայնութիւնը: Եւ ամէն անգամ որքան գրագէտ, որքան ցաւալի պատասխան կարենանք անոնց տալ, այնքանով մենք այդ մտայնութիւնը անոնց գիտակցութեան մէջ կ’ամրապնդենք: Մեր հետեւողական աշխատանքի հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ հակառակորդին մէջ այդ գիտակցութեան ամրապնդումը»,- աւելցուցած է ան: