Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Շուշիի Եկեղեցիները Շուտով Պիտի Ապահովուին Հայական Աւանդական Գորգերով

Վատիկանի մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միքայէլ Մինասեանի նախաձեռնութեամբ իրականացուող հայկական եկեղեցիները աւանդական գորգերով ապահովելու բարեգործական ծրագիրի ծիրէն ներս Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ (Կանաչ Ժամ) եկեղեցիներուն համար նախատեսուած գորգերը պատրաստ պիտի ըլլան մինչեւ Յուլիս:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի՝  «Մէգերեան կարպետ» ընկերութեան արտադրութեան եւ առեւտուրի գծով տնօրէն Լէոնիտ Անդրէասեան նշած է, որ Յուլիսին արդէն գորգերը պէտք է ներկայացուած ըլլան դեսպան Մինասեանին:

«Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ համար կը գործուի 3 գորգ: Այսինքն` ամէն եկեղեցւոյ համար կը հիւսուին անուանական առանձին գորգեր` ներառելով հայկական աւանդական նախշազարդեր: Ատոնք կ’առնուին նաեւ եկեղեցիներու շէնքերու վրայի փորագրութիւններէն, զարդաքանդակներէն»,- ըսած է Անդրէասեան:

Աշխատանք կը տարուի ձեռագործ գորգերու ձեւաւորող Նայիրա Մխիթարեանի, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու հետ:

Լէոնիտ Անդրէասեան շատ կարեւոր կը համարէ նման նախաձեռնութիւնը` նշելով, որ անիկա իր նպաստը պիտի բերէ գորգագործութեան մշակոյթի հանրայնացման:

«Որքանո՞վ ճիշդ է, երբ հայկական եկեղեցիներու մէջ ոչ հայկական գորգեր են: Այս նախաձեռնութիւնը լաւ հնարաւորութիւն է հայկական եկեղեցիներուն մէջ նախ ձեռագործ գորգեր ներկայացնելու, երկրորդն ալ հայկական նախշազարդերը հանրայնացնելու առումով:  Սա պիտի օգնէ մէկ անգամ եւս ընդգծելու գորգագործութեան մշակոյթի կարեւորութիւնը»,- ըսած է ան:

Անոր խօսքով, այս նախաձեռնութիւնը զբօսաշրջիկներուն հայկական նախշազարդերով ձեռագործ գորգերը ներկայացնելու առումով նոյնպէս կարեւոր է:

«Դուք ալ գիտէք, թէ զբօսաշրջիկները ո՛րքան  կ’այցելեն մեր եկեղեցիները: Անոնց պիտի ներկայացուի ոչ միայն եկեղեցւոյ, այլեւ այնտեղ առկայ ձեռագործ գորգերու պատմութիւնը: Ատիկա նաեւ ուսուցողական նշանակութիւն ունի երիտասարդներու, երեխաներու համար»,- աւելցուցած է ան:

Գաղափարը ծնունդ առած է տարիներ առաջ, երբ Միքայէլ Մինասեան, ընկերոջ հետ ըլլալով Գանձասար, պարզած էր, որ տաճարին մէջ գտնուող գորգերը այնքան ալ հայկական չեն: Ու նոյն վանական համալիրին մէջ միտք յղացաւ վերականգնել հայկական գորգարուեստի հարուստ աւանդոյթներն ու եկեղեցիներուն նուիրաբերել խորհրդանշական գոյն ու նախշով գորգեր: Նախաձեռնութեան մեկնարկը տրուեցաւ 2017 թուականի Հոկտեմբերին Գանձասարի վանքին մէջ , ուր կը խաչուին հայ եկեղեցւոյ ճարտարապետութիւնն ու գորգագործութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին