Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Հայաստան Առաջին Անգամ Մասնակցած է Լայպցիկի Գիրքի Տօնավաճառին

Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանը մասնակցած է Մարտ 15-18 Գերմանիոյ Լայպցիկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ամէնամեայ Գիրքի միջազգային տօնավաճառին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը նշեն, որ հայկական տաղաւարին մէջ ներկայացուած են հայ դասական եւ ժամանակակից գրողներու, նկարիչներու ստեղծագործութիւններ, հայոց պատմութեան վերաբերեալ հայ եւ օտարազգի հեղինակներու աշխատանքներ:

Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան հանդիպած է տօնավաճառի գլխաւոր տնօրէն Օլիվըր Ցիլլէի, ինչպէս նաեւ այլ խոշոր հրատարակչութիւններու ղեկավարներու հետ:

Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են ընդլայնելու տօնավաճառին Հայաստանի մասնակցութիւնը եւ այս ուղղութեամբ ձեռք բերել շարք մը պայմանաւորուածութիւններ:

Դեսպանը կարեւոր համարած է նաեւ Երեւանի մէջ Կէօթէի կեդրոնի բացումը` Հայաստանի մէջ գերմաներէնի տարածման, գերմաներէն լեզուով հայ գրականութիւնը ընթերցողին հասանելի դարձնելու հարցերով:

Լայպցիկի Գիրքի միջազգային տօնավաճառը երկրորդն է Գերմանիոյ` Ֆրանքֆուրթի Գիրքի տօնավաճառէն ետք: Անիկա սկիզբ առած է 17-րդ դարուն, կ’ընդունի աւելի քան 200, 000 այցելու:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին