Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Թալիշը Միշտ Պիտի Ապրի. Կը Սկսի Նոր Բնակելի Տուներու Կառուցուման Երկրորդ Փուլը

Ապրիլեան պատերազմէն տուժած Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղին մէջ շուտով սկիզբ պիտի առնէ բնակելի տուներու կառուցման երկրորդ փուլը: Այս մասին, ըստ Panorama.am-ի, ըսած է Թալիշի համայնքի ղեկավար Վիլեն Պետրոսեան:

Անոր խօսքով, երկրորդ փուլով կը նախատեսուի Թալիշի մէջ կառուցել եւ վերակառուցել 25 բնակելի տուն,  9-ը`  հիմքէն. «Ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի հրետակոծութենէն վնասուած տուները, ենթակառուցուածքները  օր առաջ վերականգնուին»:

Վիլեն Պետրոսեան յայտնած է, որ այժմ ընթացքի մէջ է Թալիշի մէջ կառուցուող նոր դպրոցի եւ մանկապարտէզի շէնքերու կառուցումը. «Շինարարական բուռն աշխատանքներ կ’ընթանան: Երկու շէնքերն ալ ապահովուած են ապաստարաններով»:

Նշենք, որ ամիսներ առաջ Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան յայտարարած էր, որ մինչեւ 2018 թուականի Սեպտեմբեր 1-ը շահագործման պիտի յանձնուին Թալիշի դպրոցի եւ մանկապարտէզի շէնքերը իրենց բոլոր յարմարութիւններով`  գիշերային լուսաւորութեամբ եւ խաղահրապարակներով:

Վիլեն Պետրոսեան տեղեկացուցած է, որ Թալիշի մէջ արդէն շահագործման յանձնուած են 17 բնակելի տուներ, աւարտած է նաեւ համայնքային կեդրոնի եւ հանդիսութիւններու դահլիճի շէնքերու կառուցումը, որոնք նոյնպէս յառաջիկային շահագործման պիտի յանձնուին:

«Գիւղին մէջ մշտական բնակութիւն հաստատած է արդէն մէկ ընտանիք, այս տուներու  կառուցումէն  ետք ալ մարդիկ պիտի վերադառնան գիւղ: Թալիշը կը վերակառուցուի, Թալիշը միշտ ալ պիտի ապրի»,- ըսած է Պետրոսեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին