Ազրպէյճանի պահանջով Թուրքիոյ ներքին գործերու նախարարութիւնը արգիլած է Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող «Ֆիլմմոր» միջազգային շարժանկարի փառատօնի ընթացքին ցուցադրել իրանահայ բեմադրիչ Անահիտ Ապատի «Եւա» ֆիլմը:
«Էրմենիհապեր»-ի փոխանցմամբ` կը նշուի, որ ֆիլմի ցուցադրութիւնը կը նախատեսուէր Մարտ 17-ին, սակայն ցուցադրութենէն ժամեր առաջ Պոլսոյ նահանգապետարանը փառատօնի կազմակերպիչներուն տեղեկացուցած է ներքին գործոց նախարարութեան արգելքի մասին:
Կինօփառատօնի կազմակերպիչներէն Մելէք Օզման յայտարարած է, որ ֆիլմը արգիլուած է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան միջամտութեան հետեւանքով:
«Ատրպէյճանի հիւպատոսարանը ֆրանսական մշակոյթի կեդրոն պաշտօնական դիմում ուղարկած էր` ֆիլմի ցուցադրութիւնը արգիլելու պահանջով: Մենք ֆիլմը ուղարկեցինք մշակութային կեդրոն, անոնք ալ դիտած էին ու եկած այն եզրակացութեան, որ ցուցադրութիւնը արգիլելու համար որեւէ պատճառ չկայ: Ֆիլմը կը պատմէ կնոջ մը մասին, որ կը փախչի Իրանի մէջ գտնուող իր նախկին ամուսինէն եւ ապաստան կը գտնէ Արցախի գիւղերէն մէկուն մէջ: Մենք չէին գիտեր, որ Ազրպէյճան պետական մակարդակով շատ զգայուն է այդ թեմայի նկատմամբ: Մենք ըսինք, որ ֆիլմին մէջ որեւէ մէկուն նուաստացնող խօսքեր չկան, եւ մենք չենք կրնար հետեւիլ իւրաքանչիւր պետութեան համար զգայուն թեմաներուն: Բայց Ազրպէյճանի կառավարութիւնը տարբեր մակարդակներով դիմեց արտաքին գործոց նախարարութեան, նոյնիսկ մինչեւ նախարար հասան: Արդիւնքով Ազրպէյճանի կառավարութեան պահանջով Թուրքիոյ մէջ ֆիլմի ցուցադրութեան դէմ միջոցներ ձեռնարկուեցան եւ ահա վերջաւորութեան եկաւ արգիլող գրութիւնը»,- պատմած է Օզման: