Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Պոլսոյ Մէջ Ցուցահանդէս Եւ Խոհրդաժողով` Անիի Ճարտարապետական Կոթողներու Թեմայով

Պոլսոյ մէջ Մարտ 13-14-ին ձեռնարկներ կազմակերպուած են` Անիի ճարտարապետական ժառանգութեան վերաբերեալ: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ «Ակօս» շաբաթաթերթը:

Աղբիւրին համաձայն, Մարտ 13-ին, Պոլսոյ «Տեփօ» անուամբ մշակութային կեդրոնին մէջ բացուած է ցուցահանդէս` «Քարերու բանաստեղծութիւնը` Անին. ճարտարապետական գանձարան մշակոյթներու խաչմերուկին» խորագիրով: Ցուցահանդէսին ներկայացուած են 2016-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած Անիի մէջ առնուած լուսանկարներ եւ տեսագրութիւններ: Սոյն ցուցահանդէսը այցելուներուն առջեւ բաց պիտի ըլլայ մինչեւ Ապրիլ 29:

 Ցուցադրուած են Արա Կիւլերի, Մարտին Մանուկեանի, Մուրատ Կերմենի եւ Վետաթ Աքչագեօզի հեղինակած լուսանկարները:

Իսկ Մարտ 14-ին, Պոլսոյ Ջեզայիր սրահին մէջ տեղի ունեցած է խորհրդաժողով  ` «Անի. համաշխարհային մշակոյթի ժառանգութիւն Թուրքիոյ մէջ» խորագիրով, որուն  կը մասնակցին Նորվեկիոյ Մշակութային ժառանգութեան ուսումնասիրութեան հիմնարկի նախկին տնօրէն Քարսթեն Փալուտան-Միւլլերը, նոյն հիմնարկի փոխնախագահ Արմէն Ղազարեանը, վերականգնող ճարտարապետ Եաւուզ Օզքայան եւ լուսանկարիչ Վետաթ Աքչագեօզը, որոնք զեկուցումներ պիտի ներկայացնեն` Անիի մշակութային պատմութեան թեմայով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին